«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու Միւնխենի անվտանգութեան համաժողովի բացման պաշտօնական արարողութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Միւնխենի անվտանգութեան միջազգային համաժողովը հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ հարթակ է, որ ամէն տարի մէկ յարկի տակ կը հաւաքէ աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, քաղաքական, հասարակական գործիչները, դիւանագէտներ, անվտանգութեան ոլորտի փորձագէտներ: Ներկայացուցչական այդ համաժողովին կը քննարկուին միջազգային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, որոնք կ’արտացոլեն տուեալ ոլորտի արդի մարտահրաւէրները:
Համաժողովի ծիրէն ներս նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ կ’ունենայ տարբեր երկիրներու իր գործընկերներուն եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ:
Աշխատանքային այցին Հանրապետութեան նախագահը կ’այցելէ նաեւ Գերմանիոյ Հայտելպերկի հնագոյն համալսարանը, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով, ապա կը պատասխանէ ներկաներու հարցերուն: Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցին կը հանդիպի նաեւ գիտական եւ գործարար շրջանակներու հետ, կ’այցելէ Եւրոպական հարաւային աստղադիտարան (European Southern Observatory), որ աստղագիտական հետազօտութիւններ իրականացնող աշխարհի խոշորագոյն կեդրոններէն է: