«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուաշինկթընի հետ Թեհրանի բանակցութիւնները չեն կրնար բերել դրական արդիւնքի եւ միայն կը վնասեն Իրանին: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Փետրուար 13-ին յայտարարած է երկրի ղեկավար եւ հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին: Իր ելոյթը նուիրուած էր Իսլամական յեղափոխութեան 40-րդ տարեդարձին:
«Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ին, ապա հակասութիւններու լուծումը հաւանական չի թուիր, իսկ անոր հետ բանակցութիւնները որեւէ այլ բանի չեն բերեր, բացի նիւթական ու բարոյական կորուստներէ»,- ըսած է Խամենէին: Իր խօսքով՝ առայժմ «իրանական ազգը այն կարծիքին է, որ, բացի Ուաշինկթընէն, մի քանի եւրոպական երկիրներ նոյնպէս խաբեբաներ են եւ վստահութիւն չեն ներշնչեր»: Հոգեւոր առաջնորդը նշած է, որ Իրանը «պէտք է խստիւ պահպանէ իր սահմանները եւ ոչ մէկ քայլ նահանջէ Իսլամական յեղափոխութեան սկզբունքներէն»:
Իրանի ղեկավարները վերջին ամիսներուն ամերիկեան կողմը քանիցս մեղադրած են միջուկային գործարքէն դուրս գալու անօրինական գործողութիւններուն եւ Թեհրանի նկատմամբ ճնշումը ուժեղացնելու մէջ: 2018 թուականի Դեկտեմբերին Իրանի նախագահ Հասան Ռոուհանին յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ը չի կրնար հասնիլ իր նպատակներուն՝ հակառակ երկրի կենսամակարդակին վրայ ամերիկեան պատժամիջոցներուն բացասական ազդեցութեան, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը: