Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Քննարկուած Են Հայաստան-Եւրամիութիւն Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ նախագահի տեղակալ Վահէ Էնֆիաճեանը Փետրուար 12-ին հանդիպած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի, քաղաքական խորհրդականներ՝ Աթանաս Պալթովի եւ Քարին Մարմզոլերի հետ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ԱԺ փոխնախագահը ներկայացուցած է վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները, անդրադարձած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նշելով, որ անոնք կը տարբերին նախորդներէն ազատ, արդար, մրցակցային, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական տեսանկիւնէն:

Զրուցակիցները կարեւորած են պարբերական շփումներն ու ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչի լիազօրութեան ծիրէն ներս տարբեր հարցերու վերաբերեալ միտքերու փոխանակումը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումին: ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է հարցի խաղաղ կարգաւորումին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի ծիրէն ներս, եւ կարեւորած է Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեան իրաւունքի դրսեւորումը:

ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ իր առաքելութեան նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու գործունէութեան, եւ ինքը անձամբ ջանք չի խնայեր ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումի գործընթացին նպաստելու համար:

Վահէ Էնֆիաճեանը յոյս յայտնած է, որ Թոյվօ Քլաարը իր գործունէութեամբ կը նպաստէ նաեւ Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու խորացումին: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին