Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Քեւին Օքսուզի Համար ԱՄՆ Դատարանը Սահմանած Է Երկու Տարի Փորձաշրջան. Ան Կը Վճարէ Նաեւ 20 Հազար Տոլար Տուգանք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ Գոլոմպիոյ նահանգի շրջանային դատարանը հրապարակած է ԱՄՆ քաղաքացի, ազգութեամբ թուրք, հակահայկական քարոզչութեամբ զբաղող լոպպիստ Քեւին Օքսուզի գործով դատավճիռը: Ան ձերբակալուած էր Հայաստանի մէջ եւ արտայանձնուած Միացեալ Նահանգներուն:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ houstonchronicle.com-ը կը տեղեկացնէ, որ Օքսուզը դատարանի դահլիճէն ազատ  արձակուած է, դատարանը իրեն համար սահմանած է երկու տարի փորձաշրջան: Ան նաեւ պէտք է վճարէ 20 հազար տոլար տուգանք:

Օքսուզը ԱՄՆ-ի մէջ կը մեղադրուի ԱՄՆ ներկայացուցիչներու պալատի բարոյագիտական յանձնաժողովէն փաստացի նիւթերը կեղծելու միջոցով թաքցնելուն եւ յիշեալ յանձնաժողովին կեղծ յայտարարագիր ներկայացնելուն համար:

Մեղադրող կողմը համաձայն չէ եղած դատարանի որոշումին հետ, պնդած է, որ Օքսուզի խաբէութիւնը լուրջ վնաս հասցուցած է ամերիկեան քաղաքական կառոյցներուն եւ պահանջած 1 տարի ազատազրկում:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին