«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան խորհրդարան գացած է` մասնակցելու կառավարութեան ծրագիրի քննարկման: Ըստ Yerkir.am-ի՝ լրագրողներու հետ կարճ զրոյցի մը ընթացքին ան նշած է, որ ծրագիրը գեղեցիկ գրուած է, «կամեցողութիւններով ու ցանկութիւններով լի»: «Չեմ թաքցներ` կայ 2-3 դրոյթ, որուն իրականացման պարագային ժողովուրդը պիտի զգայ դրական փոփոխութիւններ իրենց կեանքին մէջ»,- ըսած է Ծառուկեանը:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկեն ծրագիրին, Ծառուկեան նշած է,- «Եղած է յեղափոխութիւն, այսօր պէտք է ըլլայ արդէն տնտեսական յեղափոխութիւն։ Այս ծրագիրը տնտեսական յեղափոխութեան ծրագիր չէ, եթէ չփոխուի, ուրեմն մենք կողմ քուէարկել չենք կրնար: Տնտեսական յեղափոխութեան համար անհրաժեշտ են գումարի աղբիւրները, ժամկէտները եւ կառուցակազմը, որ այսօր կը բացակային։ Ներդրումներու համար եւս անհրաժեշտ է տնտեսական աճ։ Պիտի չերթանք` մարդոց խնդրենք, թէ եկէք, դրէք։ Ներդրման համար անհրաժեշտ է` օրէնքներ փոխուին, պայմաններ։ Ներդրողները պէտք է համեմատական կարգով նային` ինչ պայմաններ են աշխարհի ուրիշ երկիրներու մէջ, մերը պէտք աւելի լաւ ըլլայ»:
Ծառուկեան նաեւ նշած է, թէ եթէ յեղափոխութեան համար անհրաժեշտ էր ունենալ «դուխ եւ կամք»՝ տնտեսական յեղափոխութեան համար, սակայն, հարկաւոր է դրամ, անոր յստակ աղբիւրը, ժամկէտներ եւ կառուցակազմ։