Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Թուրքիոյ Իշխանութիւնը Արգիլած Է Ընդդիմադիր Քրտամէտ Կուսակցութեան Երթը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թրքական ոստիկանութիւնը արգիլած է ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP) երթը:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական demokrathaber.org-ը:

Կուսակցութեան ներկայացուցիչները կը ցանկային երթ իրականացնել Իսթամպուլի մէջ` ի պաշտպանութիւն HDP պատգամաւոր Լեյլա Կիւվենի, որ արդէն 96 օրէ հացադուլի մէջ է:

Լեյլա Կիւվենը, ինչպէս քրտամէտ կուսակցութեան միւս ձերբակալուած անդամները, ձերբակալուած էր «ահաբեկչութեան օժանդակելու, ահաբեկչական կազմակերպութիւն ստեղծելու, ահաբեկչութեան քարոզ իրականացնելու եւ այլն»  յատկանիշներով:

Կիւվենը հացադուլը սկսած է ի պաշտպանութիւն բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն։ Ան հացադուլը սկսած էր դեռ բանտը, մինչեւ պայմանականօրէն ազատ արձակուիլը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին