Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Ճափոնը Չինաստանը Մեղադրած Է Իր Ջրատարածքը Ներխուժելուն Համար

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ճափոնի վարչապետի դիւանատունը ճգնաժամային հակազդումի մարմին ստեղծուած է այն պնդումին կապակցութեամբ, թէ Փետրուար 11-ին չինական պահականաւը Ճափոնի ջրատարածքը ներխուժած է Արեւելաչինական ծովի վիճելի կղզիներուն մօտ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «NHK» հեռուստաալիքը:

Հեռուստաալիքին տուեալներով՝ Չինաստանի չորս պահականաւերը մօտեցած են Ճափոնի տարածքային ջուրերուն, եւ անոնցմէ մէկը ներթափանցած է, ինչպէս կը պնդեն, ճափոնական գօտի Սենքաքու կղզիներուն մօտ, որոնք Չինաստանի մէջ կ’անուանեն Տիայոյու եւ կը համարեն իրենցը:

Ճգնաժամային հակազդումի մարմինը տեղեկութիւն կը հաւաքէ այդ միջադէպին վերաբերեալ եւ կը հետեւի հետագայ իրադրութեան, նշած է հեռուստաալիքը: Սենքաքու կղզիները տարածքային վէճի առարկայ են Չինաստանի եւ Ճափոնի միջեւ, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին