«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ քաղաքացի, ազգութեամբ թուրք, հակահայ լոպպիստ Քեւին Օքսուզի վերաբերեալ դատավճիռը Գոլոմպիոյ նահանգի շրջանային դատարանը հրապարակած է Փետրուար 11-ին:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկանանք ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարարութեան հանրային կապերու բաժնի հաղորդագրութենէն:
«Օքսուզի դատավճիռը հրապարակուած է Գոլոմպիոյ նահանգի շրջանային դատարանին կողմէ 2019 թուականի Փետրուար 11-ին: ԱՄՆ արտաքին գործոց գրասենեակը եւ ԱՄՆ պետական քարտուղարութիւնը, գործակցելով Հայաստանի իշխանութեան հետ, զգալի աջակցութիւն ցուցաբերած է արտայանձնումի գործընթացին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազին կողմէ որոշում կայացուած է Քեւին (Քեմալ) Օքսուզի նկատմամբ քրէական հետապնդում իրականացնելու նպատակով զինք յանձնել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւասու մարմիններուն յանձնարարուած էր իրականացնել Ք. Օքսուզի փոխանցումը ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն: ԱՄՆ իրաւասու մարմիններուն կողմէ հետախուզուող Օքսուզի նկատմամբ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին Օգոստոս 31-ի որոշմամբ կիրարկուած էր կալանաւորում: