Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

ՌԱԿի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մաարապ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Մաարապ տեսակցութիւն մը ունենալու Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաաի հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանի կողքին, ընկերներ՝ Մեթր Սամ Պասմաճեան, Արա Գոյունեան եւ Սեդրակ Քիւրէճեան: Հանդիպման ներկայ եղաւ ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան: 

Հանդիպման աւարտին, ընկ. Յակոբեան խօսք առնելով լրատուական միջոցներուն դիմաց յայտնեց, որ այցելութեան նպատակը նախ շնորհաւորել էր Տոքթ. Ժաաժաաը Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան համար, որուն ծնունդին մէջ ան մեծ եւ դրական դեր ունեցած էր: Ան աւելցուց, որ հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր Տոքթ. Ժաաժաաի միջոցաւ շնորհաւորել Լիբանանեան Ուժերու նախարարները նոր կառավարութեան մէջ: Ընկ. Յակոբեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այցելութիւնը նաեւ կու գար հաստատելու երկու կուսակցութիւններուն քաղաքական դաշինքի շարունակութիւնն ու ամրութիւնը:

Ընկեր Սեւակ Յակոբեան իր խօսքը եզրափակեց լրագրողներուն յայտնելով, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լիբանանն ու լիբանանցին յուզող հարցեր, ի մասնաւորի փտածութեան եւ կենսոլորտի հարցերը ինչպէս նաեւ երկու կուսակցութիւններուն ապագայ գործակցութեանց համադրումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին