Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Եւրոպական Շարժապատկերի 25-րդ Փառատօնը (լուսանկարներ)

ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

24 Յունուարէն 4 Փետրուար 2019 տեղի ունեցաւ եւրոպական շարժապատկերներու 25-րդ փառատօնը՝ կազմակերպութեամբ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան Empine-Sofil-Metropolis շարժապատկերներու սրահներուն մէջ:

Անցնող տարիներուն ընթացքին հազարներով մարդիկ ամէն մակարդակի եւ տարիքի ներկայ եղած են ֆիլմերու, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր երկիրներէ եկած եւրոպական նիւթեր: Փառատօնը տարիներու ընթացքին վերածուած է մշակութային կարեւոր միջոցառումի ոչ միայն Պէյրութի, այլ նաեւ ամբողջ Լիբանանի քաղաքներուն մէջ:

Այս տարի բացառիկ թուական մըն է փառատօնին համար, որ կը նշէ իր 25-րդ տարեդարձը: Եւրոպական Միութիւնը այս շրջանին մեծցաւ ու ընդլայնեցաւ: Նոր երկիրներ իրեն միացան: Այս տարիներուն ընթացքին փառատօնը երբեք չի դադրեցաւ երկխօսութեան, գաղափարներու փոխանակման ու ազատօրէն արտայայտուելու հարթակ մը ըլլալէ:

Տարբեր եւրոպական երկիրներէ ֆիլմեր ցուցադրուեցան բեմադրիչներ, արտադրիչներ եւ դերասաններ ընդունուեցան իբրեւ հիւր փառատօնին ընթացքին եւ անոնք խօսեցան եւ բացատրութիւններ տուին իրենց ժապաւէններուն մասին անոնց ցուցադրութիւններէն ետք:

Երեսունէն աւելի եւրոպական ֆիլմեր ցուցադրուեցան այս տարի, ինչպէս նաեւ երեք լիբանանեան ֆիլմեր: Եւրոպական ֆիլմերու շարքին կրնանք յիշել լաւագոյնները, ինչպէս՝ «6.9 on the Richter Scale» (բացման ֆիլմը) «Cold war» (մրցանակ լաւագոյն բեմադրիչ Գանի 2018-ի փառատօնին), «DOGMAN» (մրցանակ լաւագոյն դերասան Գանի 2018-ի փառատօնին), «Happy as Lazzaro» (մրցանակ լաւագոյն ֆիլմագրութեան Գանի 2018-ի փառատօնին), «Happy End» (մասնակցած 2017 Գանի փառատօնին), «MUG» (Պեռլինի փառատօնին 2018, արծաթեայ մրցանակ) եւ ուրիշներ:
Եւրոպական ֆիլմերու փառատօնը այս տարի գործակցեցաւ Պէյրութ Սինամաթեքի հետ՝ ներկայացնելով երեք լիբանանեան ֆիլմեր, որոնք եւրոպական ֆինանսաւորումով նկարահանուած են.

1) «Phantom Beirut» (1998): բեմադրիչ Ղասան Մալաապի, որ կը խօսի պատերազմի օրերուն 10 տարի կորսուած եւ վերադարձած մարդու մը մասին:

2) «The Freedom Gang» (1994): բեմադրիչ Լէյլա Ասաֆի, որ կը պատմէ 10 տարեկան աղջնակի մը մասին, որ պատերազմի օրերուն Պէյրութի մէջ փոքր խումբ մը կը կազմէ երեխաներու ու կը զբաղի պզտիկ գողութիւններով, իսկ երրորդ ֆիլմը՝ «Je était une fois Beyroute» (1995), բեմադրիչ Ժոսլին Սաապի, որ վերջերս մեզմէ հեռացաւ, կը պատմէ նկարներով ու ֆիլմերով Պէյրութ քաղաքի անցեալին մասին:

Տօնելու համար եւրոպական ֆիլմերու փառատօնին տարեդարձը, ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ, որուն խորագիրն էր «Remake», այսինքն՝ վերանորոգուած, Station ցուցասրահին մէջ, ուր ներկայացուեցան ութ լիբանանցի նկարիչներու ութ պատկերազարդումները, որոնք ցուցադրեցին իրենց իւրայատուկ ոճով ութ եւրոպական ֆիլմերու պատկեր-ծանուցումներ (affiche):

Փառատօնին փակման օրը՝ Կիրակի, 3 Փետրուար, նախորդ տարիներու նման փառատօնը կազմակերպեց մրցում լիբանանեան լաւագոյն կարճ ֆիլմերու: Ներկայացուեցան 12 կարճ ֆիլմեր, որոնք բեմադրուած են լիբանանեան 12 համալսարաններու շարժապատկերի ուսանողներու կողմէ: Անոնցմէ երեքը ստացան մրցանակներ՝
1) The Trophy, բեմադրիչ Լուանա Շաբթինի (IESAV), Լեհաստանի մրցանակ, իրեն բնապահպանական պատգամին համար:

2) Mot et Lumières, բեմադրիչ Մալքուն (NDU), Կէօթէ մշակութային կեդրոնի մրցանակ, մինակութեան դէմ պայքարող գրագէտ կնոջ մը մասին:

3) Bombardement doré, բեմադրիչ Փաթրիք Էլիաս (ALBA), ֆրանսական մշակութային կեդրոնի մրցանակ, խնդալիք ոճով ներկայացուցած ողբերգական վիճակներուն համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին