ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կը մօտենայ Հայաստանի ժողովրդային յեղաշրջումին տարեդարձը չորս ամիսէն։ Պատմականօրէն աննախընթաց այս ընդհանուր «թաւշեայ յեղափոխութիւնը» դրական ընդունելութեան արժանացաւ նաեւ մանաւանդ եւրոպական երկիրներու մէջ, յատկապէս առանց արիւնահեղութեան իշխանութեանց հեզասահ փոխանցումին համար։
Հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան համար իրաւակարգի յոյժ նշանակելի բարեշրջումը իրողապէս իրականացած պիտի ըլլայ հանգրուաններով, որոնց անդրադարձումներ կատարուեցան այս սիւնակներէն մէկէ աւելի անգամներ։ Շեշտուեցան նախապատուութիւն ունեցող փոփոխութիւնները, ու ժամանակի ընթացքին, աստիճանաբար իրականանալիք բարգաւաճումները։
Հիմա որ նոր ընտրութիւնները կատարուելով (Դեկտեմբեր 2018), կազմուած է նոր խորհրդարանը, ու վարչապետ ընտրուած է Նիկոլ Փաշինեանը, տեղի ունեցած են, ու կը շարունակուին, տեղական ու շրջանային, վարչական նշանակումներ։
Հետեւողական ճիգերու կը կարօտի գիտակ քատրերու պատրաստութիւնը։ Նոր եւ առողջ իրաւակարգ մը հաստատելու համար, դժուարին եւ ընդարձակ մաքրագործումի ենթարկելու անհրաժեշտութիւն կը ծագի անցեալի, երկարաձգուող փտածութիւնը շատ մը հիմնարկներէ ու մանաւանդ ներքին հաստատութիւններէ ներս։ Կարելի՞ է արդեօք հասարակարգին ամբողջ պաշտօնէութիւնը մէկ անգամէն փոխարինել նորերով։ Հո՛ս է որ ընթացքը կը դանդաղի, երբեմն՝ կը կաղայ, ու մինչեւ իսկ ձախողութիւն կը պատահի կարգ մը պարագաներու ատեն։ Մասնագէտներու պատրաստութիւնը ժամանակի հետ կապուած է։
Ժողովրդային բարեշրջումին յաջողութիւնը կախեալ է նոր առաջնորդներու ողջմտութենէն, տքնաջան ծառայութենէն եւ յաջող ռազմավարութենէն։ Հասկացողութիւն եւ հանդուրժողականութիւն կ՚ակնկալուի մանաւանդ հայրենաբնակ ժողովուրդէն, ու նոյնպէս՝ սփիւռքահայութենէն։
Ժողովրդային ցոյցերու եւ այլազան հաւաքներու ընթացքին, ներկայացուեցան այլազան ծրագիրներ ու նպատակակէտեր։ Կատարուեցան նշանակումներ։ Իրանանացած են արդէն կարգ մը հիմնական բարեկարգումներ։ Կը շարունակուին հետապնդումները բազմաթիւ զարտուղութիւններու։ Այսուհետեւ կարգը եկած է ցարդ կատարուած իրականացումներու բացայայտումին։
Առաջարկութիւնը կամ հարցադրումը ա՛յն է, որ պաշտօններու փոփոխութիւններէն ետք, հաստատուած նոր իրաւակարգը, այս հանգրուանին, մասնակի կամ շօշափելի ի՞նչ արդիւնաւորումներ ունեցած է։ Փափաքելի է, որ թուանշաններու լեզուով, իրականացած արդիւնքները, պարբերաբար, լոյս տեսնեն պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, որպէսզի արձագանգ գտնեն հայրենի եւ արտերկրի թերթերուն ու ձայնասփռումներուն մէջ։ Մանաւանդ կարեւոր է, միաժամանակ, որ այլազան նախարարութեանց ու դրամատուներու համարատուութիւնները ենթարկուին անկախ հաշուեքննիչ մարմնի մը ստուգումին, կամ այլ խօսքով՝ auditing կատարուի։
Նման գործելակերպ մը պիտի չէզոքացնէ անմեղ կամ նպատակաւոր այլազան տարաձայնութիւններ, տեղական թէ սփիւռքեան քրթմնջիւններ, անհիմն դիրքորոշումներ, քննադատութիւններ, կամ՝ դատապարտումներ։
Հայրենի բնակչութիւնը, ու շուրջ 8,5 միլիոն գնահատուող արտասահմանի հայութիւնը խոր յուսախաբութիւններ ունեցած են անցնող վարչակազմերու գործունէութիւններէն։ Վերականգնելու է Հայաստանի ժողովուրդին եւ արտերկրի հայութեան վստահութիւնը։ Այդ վերականգնումը կատարելու է փաստացի տուեալներու վրայ։
Աճապարելու դժուարութիւն չկայ։ Նշանակէտ ու տրամաբանական պայմանաժամ կարելի է նշանակել։ Այլազան ծրագիրներ կը կարօտին համապատասխան ժամանակի։ Ժողովրդային յեղաշրջումի ղեկավարութիւնը, կամ՝ Հայաստանի նոր իշխանութիւնները յանձնառու ըլլալու են իրենց իրագործումները բացայայտելու, շօշափելի, փաստարկեալ տուեալներով եւ արդիւնաւորումներով։ Հարկ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ իշխանութեան գործունէութեանց արմատական փոփոխութեանց ատեն, առաջնային կը դառնան նաեւ երկրի սահմանային ու ներքին ապահովութեան հարցերը, աշխատանքներու վերադասաւորումը բոլոր բնագաւառներէն ներս, մէկ խօսքով՝ բնականոն կեանքին վերսկսումը։ Խօսքով՝ դիւրին, գործքով՝ այս բոլորը կը պահանջեն տքնաջան աշխատանք։
Վերեւ արծարծուած բոլոր հարցերն ու մատնանշումները կատարուած են մղուած հայրենասիրական մտահոգութիւններէ։ Պետական զեկուցումները, հաստատուելով պաշտօնական հաղորդագրութիւններով, որոնք ակներեւ գործադրութիւններ ունեցած են, միանգամընդմիշտ պիտի ըմբերանեն կամ հերքեն բազմատեսակ զրոյցներն ու մեկնաբանութիւնները։
Այնուհետեւ (թէ այսուհետեւ) բոլորս լծուինք հայրենական, շինարար, հաւաքական աշխատանքներու։ Հայաստանը կարիքն ունի հայ ժողովուրդի միաձուլումին։