ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Պատրիարքը պաշտօնանկ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արմաշական սերունդի առաջին շրջանաւարտներէն, Իրաք ծնած 1868 թուին Զաւէն արքեպիսկոպոս Տէր Եղիայեան 1913-ին կ՚ընտրուէր Պատրիարք Հայոց Կ. Պոլսոյ յաջորդելով Յովհաննէս Արշարունի Պատրիարքին, դառնալով ամէնէն երիտասարդ պատրիարքը։ 1895-ին ձեռնադրուած Արմաշի մէջ վերատեսուչ Մաղաքիա եպիսկոպոս Օրմանեանէ վարած էր Կարինի, Վանի եւ Տիգրանակերտի առաջնորդութիւնը եւ 1910 թուին եպիսկոպոս ձեռնադրուած Ս. Էջմիածնի մէջ։ Զաւէն Պատրիարք ամէնէն դժուար եւ ճակատագրական տարիներուն կը բարձրանար պատրիարքական Աթոռ, երբ հայ ազգը կ՚ենթարկուէր հալածանքի եւ ցեղասպանութեան Օսմանեան պետութեան սադրանքով։
Զաւէն Պատրիարքի պաշտօնանկութեան նախընթացը քննելով կը տեսնենք թէ 1916-ի սկիզբը Կ. Պոլսոյ պատրիարքարանի գործակատար Գամեր Շիրինեան Պուլկարիա մեկնած էր եւ վերադարձին Բիւզանդ Քեչեանէ իմացած, թէ պետութիւնը «ջնջած է Ազգային Սահմանադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւնը»։ Պատրիարքը լսելով այդ մասին կասկածած էր նոյնիսկ որ Քեչեան ինք շատ հաւանաբար Էջմիածնէն խզուելու գաղափարը թելադրած ըլլար Օսմանեան պետութեան։
Հետեւելով Զաւէն Պատրիարքի «Պատրիարքական յուշերս» վաւերագրական հատորին, նոյն 1916 տարւոյ Ապրիլ 10-ի Զատկի օրէն սկսեալ մինչեւ Յուլիս, պատրիարքը յուսալքուած կը սպասէր աւելի ստոյգ տեղեկութեանց, որոնց «ամպերը կը կուտակուէին» կը գրէր իր «Յուշեր»ուն մէջ։ Չէր սխալած եւ ահա Յուլիս 28-ի առաւօտուն պատրիարքարան կու գային Ահմէտ եւ Պեհա պէյերը, մին ոստիկանութեան եւ միւսը կրօնական տեսչութիւններէն Պատրիարքին յանձնելու համար արդարութեան գործոց նախարարին անունով պաշօնագիր մը ուղղուած «Զաւէն նախկին պատրիարքին»։ Պատրիարքը իսկոյն տեղեակ կը պահէր Պոլսոյ հայ եպիսկոպոսներն ու վարչութիւնը անակնկալ այդ որոշման մասին։
Պատրիարքը աքսորուած
Զաւէն Պատրիարք եօթը օր ետք հրահանգ կը ստանար մեկնելու իր ծննդավայրը՝ Պաղտատ, երբ 1916 Օգոստոս 3¬ին քաղաքային զգեստով ոստիկան մը կու գար հաղորդելու, թէ «ոստիկանութեան ընդհանուր պետը Ահմէտ պէյ ձեզ տեսնել կ՚ուզէ եւ միասին իր քով պիտի երթանք»։ Պատրիարքը իր գիրքին մէջ կ՚աւելցնէ, թէ ինչ ըսին իրեն։ «Ձեզի հոս կանչեցի իմացնելու համար թէ կառավարութիւնը յարմար չի տեսներ ձեր Պոլիս բնակութիւնը, ուստի քանի մը օրէն պէտք է մեկնիք ձեր ծննդավայրը Պաղտատ, ինքնաբերաբար երթալու ձեւով, առանց աղմուկի»։
Ստանալէ ետք մեկնումի պետական որոշումը Զաւէն Պատրիարք պատրիարքարանի գործերուն փոխանակումը կը կատարէր Գաբրիէլ Եպս. Ճեւահիրճեանի հետ, խնդրելով Ռեշիտ պէյէն շաբաթով մը յետաձգումը։ Աքսորեալ Հայոց Պատրիարքը ընկերակցութամբ իր եղբօր եւ անոր աղջկան, «լքուած ամէն կողմէ, բայց միշտ ինծի հետ ունենալով ժողովրդային զանգուածներու համակրութիւնը եւ կարեկցութիւնը», ինչպէս ինք կը գրէր իր Յուշերուն մէջ։ Օգոստոս 21-ի Կիրակին մայր եկեղեցի պատարագին ու հաղորդութեան մասնակից կը դառնար «արցունքոտ աչքերով» ի ներկայութեան յոգնախուռն բազմութեան։
Տառապագին երբ Պատրիարք Հայրը շոգեկառքով Գոնիայէն Պոզանդի եւ Մեսքենէ կը հասնէր, Եփրատի եզերքը «հոգւոց» կը կարդար «յիշելով հայ տառապանքի անխօս վկայ այդ գետը»։ Համամ հասնելով 150-ի չափ վրաններ լարուած կը տեսնէր տարագիրներով լեցուն որոնց կ՚օգնէր դրամ բաշխելով, երբ գաղտնօրէն իրեն նամակ մը կը հասցնէին թէ 12 բանտարկեալ քահանաներ, բոլորին անունները յիշուած իր գիրքին մէջ, նպաստ կը խնդրէին իրմէ։ Բոլորն ալ սակայն յաջորդ օրն իսկ դէպի Խապուռ գետ տարուելով կը նահատակուէին։
Պաղտատի մէջ
Տասներեք օրուայ տաժանելի ճամբորդութենէ ետք Հալէպի վրայով Պատրիարքն ու իր հարազատները Պաղտատ կը հասնէին իրենց տունը, ուրկէ Զաւէն Պատրիարք 26 տարիներ առաջ Արմաշ մեկնած էր։ Հոն կը գտնէր իր ծերունի տիրամայրը, սակայն իր հայրը՝ Տ. Աւետիս Ա. Քհնյ. Տէր Եղիայեան արդէն վախճանած։ Շատ քիչեր այցելութեան կու գային, կը գրէ, որոնց մէջ արմաշական երկրորդ սերունդի հոգեւորականներէն Փառէն Ծ. Վրդ. Մելքոնեան, Պաղտատի Առաջնորդը, քանի որ Պատրիարքը տակաւին պետական հսկողութեան տակ էր ու Պաղտատէն Մուսուլ պէտք է երթար։ Պաղտատ կը մնար հինգ ամիս եւ երեք առիթներով միայն եկեղեցի կը յաճախէր, մին իր ծերացած մօր յուղարկաւորութեան օրը։ Մուսուլ եղած միջոցին Զաւէն Պատրիարք աւելի անկաշկանդ օգնութեան կը հասնէր վտարանդի հայոց, մասնաւորաբար որբախնամ գործին գլուխը անցնելով։ Հոն տարիի մը չափ մնալէ ետք Պաղտատ կը վերադառնար, երբ անգլիացիք 1918-ի Նոյեմբերին Մուսուլ մտած էին եւ ձեռք առած քաղաքի վարչութիւնը։ Անգլիացիք Պաղտատը գրաւած էին արդէն նախորդ տարուան Մարտ 9-ին։
Վերադարձ Կ. Պոլիս
Անգլիացիք իսկոյն Զաւէն Պատրիարքն ու միւս հոգեւոր պետերը կառավարական պալատ հրաւիրեցին իմացնելու համար բանակի հրամանատարութեան կոչը որ այլեւս անգլիական բանակն էր Պաղտատի եւ Մուսուլի տէրն ու տիրականը։ Զինադադարէն ետք Զաւէն Պատրիարք Կ. Պոլիս կը վերադառնար իր Աթոռը գրաւելու համար որմէ բռնի հեռացուցած էին 1916-ի Օգոստոս 22-ին։ Պատրիարքական իր բարձր պաշտօնին կը վերադառնար շնորհիւ անգլիական իշխանութեանց՝ Կ. Պոլսոյ ազգային իշխանութեանց դիմումին վրայ, որոնք զինադադարի կնքումէն անմիջապէս ետք պաշտօնական դիմում ըրած էին թուրք կառավարութեան եւ ջնջել տուած Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Սիսի Կաթողիկոսութեան յերիւրածոյ միացումը՝ վերահաստատելով Ազգային Սամանադրութիւնը։
Պատրիարքը Կ. Պոլիս կը վերադառնար 1919-ի Յունուարի 9-ին Պաղտատէն շոգենաւի ճամբորդութեամբ, կը հասնէր Սուէզ եւ կը դիմաւորուէր Եգիպտահայոց Առաջնորդ Թորգոմ արքեպիսկոպոս Գուշակեանէ, եւ վերջապէս 19-ին՝ Կ. Պոլիս։ Պատրիարքին կեանքը հրաշքով փրկուած էր ու դարձեալ դժուարին պարտականութեանց գլուխը կ՚անցնէր։ Կրկին աշխոյժ կը դառնար Հայոց Պատրիարքութիւնը ժողովներու հանդիպումներով, որքան ատեն որ քաղաքական գետնի վրայ, համաձայնական պետութիւններու զրահաւորները Վոսփորի մէջ խարիսխ նետած էին, անշուշտ առժամաբար։
Վերջնական մեկնումը
Այդ բոլորը սակայն շատ չտեւեցին եւ 1922 ճակատագրական թուականին համաձայնական պետութիւնները քաշուեցան թրքական հողէն, յոյները պարտութիւն կրեցին, Իզմիր ինկաւ թուրքերուն ձեռքը, եւ Միլլի կուսակցութիւնը ձեռք առաւ Օսմանեան պետութեան ղեկը՝ գլխաւորութեամբ Մուսթաֆա Քեմալի։ Վերջ տրուեցաւ սուլթանական կառավարութեան, տարի մը ետք հիմնելով Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ Զաւէն Պատրիարք իր պաշտօնին վրայ կը մնար մինչեւ 1922՝ Քեմալի Կ. Պոլիս մուտքը, ու նոյն տարին կը հեռանար Պոլսէն առանց հրաժարելու, այլ միայն «ձեռնթափ» ըլլալով, ինչպէս ինք բնորոշած է, այն համոզումով որ մինչեւ յաջորդ պատրիարքի ընտրութիւնը ինք կը մնար իր պաշտօնին վրայ, ու կը մեկնէր Պուլկարիա։
Բարերար Մելգոնեան եղբայրներուն հետ
Թէեւ իր Աթոռէն հեռու, Զաւէն Պատրիարք շատ շնորհակալ գործ մը եւս կատարեց իր բարեկամ Մելգոնեան եղբայրներուն կտակի գործադրութեան մէջ որպէս կտակակատար Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեաններու թողած կտակի իրագործմամբ, որուն շնորհիւ Կիպրոսի մէջ հաստատուեցաւ Մելգոնեան Կրթական յայտնի Հաստատութիւնը ՀԲԸ Միութեան միջոցաւ։ Զաւէն Պատրիարք 1924-ի Դեկտեմբերին Պաղտատէն Կիպրոս կը մեկնէր ընդառաջելով բարերարներու հրաւէրին ու հոն կը մնար վեց ամիս։ Պատրիարքը համոզած է Մելգոնեան եղբայրները, իր բարեկամ բարերարները, որ յետ-եղեռնեան որբանոց մը հաստատեն իրենց անունով։
Մենք ազգովին Զաւէն Պատրիարքի ջանքերուն կը պարտինք Մելգոնեան վսեմ Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութիւնը Կիպրոսի մէջ։ Անձամբ 1926-ին Լիբանանի եւ Երուսաղէմի հայաբնակ համայնքները շրջելով 300-է աւելի որբ որբուհիներ ընտրելով տեղաւորած է նորահաստատ Մելգոնեան որբանոցին մէջ որպէս անդրանիկ սաներ, որ շուտով վերածուեցաւ պանծալի Բարձրագոյն Կրթական Հաստատութեան, որուն համար ՀԲԸ Միութեան Պատուաւոր Ցկեանս անդամ հռչակուեցաւ։ Սակայն տարի մը ետք Պատրիարքին առողջութիւնը վտանգուեցաւ կոկորդի հիւանդութեամբ եւ 1933 թուին վիրաբուժումի ենթարկուելով կորսնցուց խօսելու կարողութիւնը, եւ միայն գրելով կը խօսէր։
Պատրիարքին վերջին հանդիսութիւնը
Իր անցեալի անվերջ ու տագնապալից կեանքը Զաւէն Պատրիարք 1945 թուին Ապրիլի 8-ին կ՚եզրափակէր լուսաւոր ու մնայուն յիշատակով մը սրտի մեծ գոհունակութեամբ անձամբ պատրիարքական լրիւ զգեստաւորումով ձեռնադրելով եւ օծելով Կիլիկիոյ վտարանդի Կաթողիկոսութեան մերօրեայ գիտնական Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, շրջապատուած հոյլ մը եպիսկոպոսներով։ Զաւէն Պատրիարք կը վախճանէր Պաղտատի մէջ 1947 Յունիս 4-ին, 79 տարիքի լրումին, երբ նոյն տարին Գահիրէի մէջ լոյս կը տեսնէր իր գրած եւ վերջին սրբագրութեամբ ճշդած «Պատրիարքական յուշերս» վաւերագրական հատորը։ Իր կտակին համաձայն եւ նախագահութամբ Երուսաղէմի հայոց Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեան Պատրիարքի կը թաղուէր Երուսաղէմի Ս. Փրկիչ վանքի գերեզմանատունը, հանգուցեալ պատրիարքներու շարքին։
Նստած ձախէն՝ Եփրեմ Արք. Տոհմունի, Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Պատրիարք Զաւէն Տէր Եղիայեան, Խադ Արք. Աջապահեան. Անթիլիաս, 1945