Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վենեզուելայի Մէջ Ռազմական Ուղղաթիռ Կործանուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենեզուելայի ռազմաօդային ուժերու հինգ զինծառայող տուժած է երկրի արեւմուտքը գտնուող Քոխետես նահանգին մէջ ուղղաթիռի կործանումին հետեւանքով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: Թէ ի՛նչ եղած է ուղղաթիռի կործանումին պատճառը, յայտնի չէ:

Ուղղաթիռին մէջ գտնուող զինուորականներուն մօտ ախտորոշուած են գանգուղեղային վնասուածքներ, սակայն անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Վենեզուելայի զինուած ուժերու ներկայացուցիչները տակաւին չեն մեկնաբաներ կատարուածը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին