Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Աթէնքի Մէջ Անիշխանականները Գրաւած Են Յունա-Թրքական Առեւտրական Պալատի Շէնքը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Ռուպիքոն» խմբաւորումէն յոյն անիշխանականները գրաւած են յունա-թրքական առեւտրական պալատի շէնքը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարութիւն հրապարակուած է անիշխանական կազմակերպութեան էջին վրայ:

Ցոյցը տեղի ունեցած է ի նշան քիւրտերու հետ համերաշխութեան, որոնք կը պահանջեն դադրեցնել իրենց առաջնորդ Ապտուլլա Օճալանի մեկուսացումը: Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ցոյցին կը մասնակցին նաեւ քիւրտեր: «Համերաշխութիւն քիւրտերուն հետ, որոնք հացադուլ յայտարարած են Օճալանի մեկուսացումը դադրեցնելու պահանջով»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ: Քիւրտերու առաջնորդը 1999 թուականէն ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է թրքական բանտի մէջ, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին