«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վենեզուելայի ռազմաօդային ուժերու հինգ զինծառայող տուժած է երկրի արեւմուտքը գտնուող Քոխետես նահանգին մէջ ուղղաթիռի կործանումին հետեւանքով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն: Թէ ի՛նչ եղած է ուղղաթիռի կործանումին պատճառը, յայտնի չէ:
Ուղղաթիռին մէջ գտնուող զինուորականներուն մօտ ախտորոշուած են գանգուղեղային վնասուածքներ, սակայն անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Վենեզուելայի զինուած ուժերու ներկայացուցիչները տակաւին չեն մեկնաբաներ կատարուածը: