Կիրակի, 16. 02. 2025

spot_img

Յակոբ Պապիկեանի՝ Ատանայի Կոտորածին Նուիրուած Տեղեկագրին Անգլերէն Թարգմանութեան՝ The Adana Massacres Գիրքին Շնորհանդէսը

Երկուշաբթի, 4 Փետրուար 2019, կ. ետք ժամը 4:00ին, Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչականէն վերջերս լոյս ընծայուած օսմանեան խորհրդարանի մեպուս Յակոբ Պապիկեանի Ատանայի Կոտորածին նուիրուած տեղեկագիրին գիրքը, The Adana Massacres վերնագրով:

Գիրքը անգլերէնի  թարգմանած, ծանօթագրած, անոր յառաջաբանը գրած, յաւելուածներն ու ցանկերը պատրաստած է Դոկտ. Ա. Կիւրեղեան:

Բարիգալուստի իր խօսքին մէջ,  Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան շեշտեց, թէ «պատմութիւնը ունի իր բացթողումները, վրիպած եւ պակաս թողած էջերը», որոնցմէ մէկն է պատմութեան շուքին մնացած Յակոբ Պապիկեանի այս տեղեկագիրը, որ թէ՛ Օսմանեան Կասյրութեան վերջին տասնամեակին եւ թէ՛ յետոյ մոռացութեան մատնուած էր: Վեր. Հայտօսթեան նկատել տուաւ որ տեղեկագիրը առաջին անգամ է որ կ’արժանանայ անգլերէն ամբողջական թարգմանութեան, որուն շնորհիւ ալ աւելի լայն շրջանառութեան մեծ հնարաւորութիւն կ’ունենայ: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց Դոկտ. Կիւրեղեանին իր անդուլ աշխատանքին համար եւ շնորհաւորեց Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը այս առթիւ:

Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Ա. Կիւրեղեան, որ շեշտը դրաւ Պապիկեանի ինքնութեան, ընդգծելով որ օսմանեան խորհրդարանը զինք նշանակեց՝ վստահելով անոր օսմանցիական եւ երիտթուրքական հաւատարմութեան: Սակայն, Պապիկեան ինքնափոխութիւն ապրեցաւ անմիջականօրէն շփուելով Կիլիկիոյ Կոտորածներուն զոհերուն հետ: Դժբախտաբար սակայն, իրեն չխնայուեցաւ իր արդարամտութիւնն ու ճշմարտախօսութիւնը եւ այն օրը որ ինք պիտի ընթերցէր իր զեկոյցը խորհրդարանին մէջ, այդ առաւօտ ան մահացած գտնուեցաւ իր տան մէջ:

Ապա գիրքը ներկայացուց Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, նշելով. «Իր 114 էջերուն մէջ, այս գիրքը կը բովանդակէ ներածական մը, 21-էջանի տեղեկագիրը, եւ յաւելուածներ՝ Պապիկեանի՝ վարչապետին ուղղած երեք հեռագրերը, մամլոյ երկու հարցազրոյցները, Ատանայի զինուորական ատեանի վճիռներուն վերլուծութիւնը, արեւմտեան մամուլի լրատուութիւնը, բնակչութեան եւ զոհերու վիճակագրութիւնը՝ ըստ թրքական եւ ըստ հայկական աղբիւրներու, Կիլիկիոյ մէջ աղիտեալ հայերու մօտաւոր ցանկը եւ ունեցուածքի վնասներուն վերլուծութիւնը, քննարկում մը թէ այս կոտորածները ծրագրուա՞ծ թէ տարերային բնոյթ ունէին: Իսկ վերջին երեք յաւելուածները կիլիկեան աղէտը կը կամրջեն մեր օրերուն՝ իրաւական ուղիներով՝ Թուրքիոյ տխրահռչակ թիւ 301 պատժական օրինագիծ, Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Մարդկային Իրաւանց Ատեանին զեկոյցներ ու յանձնարարականներ Թուրքիոյ, հուսկ՝ ՄԱԿի 1968ին որդեգրած հռչակագիր՝ պատերազմական ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու անժամանցելիութիւն»:

Դոկտ. Տագէսեան իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով որ «գիրքին յաւելուածները, ներածականը, ծանօթագրութիւնները կը յառաջացնեն այն անմիջական, էական եւ լուսաբանական շրջանակը, … աւելի ամբողջական կը դարձնեն տեղեկագիրը ու զայն կը կապեն այսօրուան, տալով նաեւ այլատեսակ այժմէականութիւն մը 110 տարիներ առաջ պատահած գազանային կոտորածներուն»:

Ձեռնարկի աւարտին Դոկտ. Կիւրեղեան գիրքէն օրինականեր մակագրեց ներկաներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին