Երկուշաբթի, 17. 03. 2025

spot_img

«Stand by Me» («Մնա՛ ինծի հետ»), Պեն Քինկ (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի մը Պատմութիւնը – 4 –

20-րդ դարու ռիթմ եւ պլուզ ոճի ամենայայտնի երգերէն մէկը, որ Պեն Քինկը ձայնագրեց 1960-ին:

Քինկը այս երգը գրեց տպաւորուելով աւետարանական եկեղեցւոյ նոյնանուն հոգեւոր երգէն՝ 1905 թուականին գրուած, որուն, իր հերթին, հիմք կը ծառայէին տողեր սաղմոսէն:  Երգի աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար իրեն օգնեցին երկու համահեղինակ, երգահաններու յայտնի զոյգ՝ Ճերրի Լիպերն ու Մայք Սթոլերը:

1961-ին երգը գլխաւորեց «Պիլլպորտ» («Billboard») ամսագիրի աղիւսակը եւ մտաւ «Պիլլպորտի թէժ 100-եակ»-ի առաջին տասնեակին մէջ: Ան նաեւ կը մտնէ «Ռոլլինկ Սթոուն» («Rolling Stone»)  ամսագիրի 500 հանրայայտ երգերու շարքին մէջ:

Երգը երկրորդ ծնունդ ստացաւ 1986-ին «Մնա՛ ինծի հետ» ֆիլմի նկարահանումէն ետք: Ֆիլմի յաջողութեան ալիքին հետ  եկաւ նաեւ երգի յաջողութեան նոր ալիք, եւ ան 1987-ին դարձեալ մտաւ «Պիլլպորտ»-ի տասնեակին մէջ՝ այս անգամ զբաղեցնելով 1-ին հորիզոնականը:

Զայն կատարած են բազմաթիւ երգիչներ, որոնցմէ են՝ Ճիմմի Հենտրիքսը, Էլթոն Ճոնը, Ատրիանօ Չելենթանօն, Ճոն Լենընը, «Լետ Զեփելին» խումբը, ինչպէս նաեւ բռնցքամարտիկ Մուհամմետ Ալին եւ գրող Սթիվըն Քինկը: Ընդհանուր առմամբ ան ունի 400-էն աւելի վերաերգուած տարբերակ:

1987 թուականին Սթիվըն Քինկը կը գրէ «The Stand» («Դիմակայութիւն») գիրքը, ուր գիրքի վերջին հատուածին մէջ  մէջբերումի տեսքով կը յայտնուի երգէն քառատող մը, որ անտեսանելիօրէն կը կապէ նաեւ գիրքն ու երգը: Դժուար է ըսել, թէ արդեօք Սթիվըն Քինկը երգէն ոգեշնչուելո՞վ գրած է գիրքը, թէ պարզապէս անոնք բառախաղով կապած է իրար, բայց ընթերցողները կը փաստեն, որ երգը կը հնչէ գիրքին մէջ (գիրքին մէջ երգի տողերուն հատուածը կարդալու ժամանակ երգը ակամայ կը սկսի հնչել ընթերցողի միտքին մէջ):

Քինկը իր երաժշտական գործունէութիւնը սկսած է «The Drifters» խումբի կազմին մէջ: Իր ծորուն պարիթոնը ռիթմ եւ պլուզ ժանրը յայտնի դարձուց սպիտակամորթ հանդիսատեսի շրջանակներուն մէջ, իսկ «Stand by Me» երգը դարձաւ դարի անմահ երգերէն մէկը, որ մինչեւ օրս կը յուզէ հանդիսատեսի սիրտը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին