Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Պատարագ Մատուցեց Ապու Տապիի Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Փետրուար 5-ին պատարագ մատուցած է Ապու Տապիի մարզադաշտին մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Associated Press» գործակալութիւնը: Այդ պատարագը դարձած է Հռոմի պապի առաջին եկեղեցական արարողութիւնը Արաբական թերակղզիին մէջ:

Պատարագը տեղի ունեցած է Zayed Sports City մարզադաշտին մէջ: Հռոմի պապը մարզադաշտ ժամանած է իր նշանաւոր մեքենայով, զինք ողջունած են «Կեցցէ՛ պապը» եւ «Մենք կը սիրենք քեզ» բացագանչութիւններով: Հաշուարկներու համաձայն՝ պատարագին ներկայ եղած է 135 հազար հոգի: Պատարագի կազմակերպիչները յայտարարած են, որ արարողութեան հաւատացեալներ պէտք է ժամանէին հարիւր երկրէն, անոր ներկայ եղած են նաեւ իսլամներ: Հռոմի պապը պատարագը մատուցած է իտալերէն լեզուով, այն ենթագիրերուն օգնութեամբ թարգմանած են արաբերէն եւ անգլերէն: Իր խօսքին մէջ ան դիմած է իրենց տուներէն հեռու գտնուող եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն չունեցող հաւատացեալներուն: Նաեւ ան յորդորած է չափաւորութիւն պահպանած: Կաթոլիկ եղեղեցւոյ հաշուարկներով՝ ԱՄԷ-ի ինը միլիոն բնակիչներէն շուրջ 1 միլիոնը կաթոլիկներ են, անոնց մեծամասնութիւնը օտարերկրացիներ են: Փետրուար 5-ին Հռոմի պապը մեկնած է ԱՄԷ-էն, ուր կը գտնուէր Փետրուար 3-էն: Այցին ան հանդիպումներ ունեցած է երկրի ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր կրօնական գործիչներու հետ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին