«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխարհի մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ազհարի Ահմատ Ալ-Թայէպ շէյխը, երէկ, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած «Մարդկութեան եղբայրներ» խորագիրը կրող համաժողովի շրջանակներէն ներս ստորագրեցին պատմական համարուած համաձայնագիր մը:
Այդ համաձայնագրի միջոցաւ անոնք կոչ ուղղեցին իսլամ եւ քրիստոնեայ հաւաքականութիւններուն՝ վերադառնալու մարդկային ակունքներուն եւ վերջ տալ պատերազմներուն:
Յիշեցնենք, որ այս համաձայնագիրը կը բաղկանայ երեք օրինակներէ, որոնցմէ մէկը պիտի մնայ՝ Հռոմի պապին, միւսը՝ Ազհարի շէյխին եւ երրորդը Ապու Տապիի կառավարութեան մօտ:
Իր կարգին, Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումը յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով, ողջունեց այս նախաձեռնութիւնը եւ համաձայնագիրը նկատեց այս դարու կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մին: