Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Հանդիպում

26 Յունուարէն 1 Փետրուար երկարող շաբթուան ընթացքին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցան Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան 16-րդ նիստերը, որոնց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը եւ Գերպ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանն ու Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեանը։  

Երկխօսութիւնը իր նիստերուն ընթացքին արծարծեց ամուսնութիւն, ամուսնալուծում եւ խառն ամուսնութիւն նիւթերը՝ խօսելով անոնց պատմական ընկալման ու ներկայ հասկացողութեան մասին։ Ժողովականները նաեւ անդրադարձան վերոնշեալ նիւթերուն տարբեր հասկացողութիւններու, սովորութիւններու ու օրէնքներու եւ զանոնք քննարկեցին մեկնելով աստուածաբանական մօտեցումէ։ 

Աշխատանքային շաբթուան աւարտին, երկխօսութեան մասնակիցները հանդիպում ունեցան Հռոմի Պապին հետ, որ գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ զօրակցութիւն յայտնեց եկեղեցիներու միութեան առաքելութեան։

Նշենք, որ յառաջիկայ տարուան աշխատանքները կ՚ընդգրկեն «խորհուրդներ» բաժնի եզրակացում ու համաձայնագիրի մը ստորագրում։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին