«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 5-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուն Եամատան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ կապերը կայուն եւ արագ կը զարգանան: ՀՀ օրէնսդիր մարմինի ղեկավարի խօսքով` 2010 թուականին Թոքիոյի եւ 2015 թուականին Երեւանի մէջ դեսպանութիւններու բացումը նոր լիցք հաղորդած է երկկողմ կապերու ամրապնդումին:
Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է խորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացումին եւ այդ առումով նշած, որ այս պահուն կը ձեւաւորուի պատգամաւորական բարեկամական խումբ. նորընտիր Ազգային ժողովի բազմաթիւ պատգամաւորներ հետաքրքրուած են Ճափոնի հետ բարեկամութեամբ:
ՀՀ խորհրդարանի ղեկավարը իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ճափոնի կառավարութեան զարգացումի աջակցութեան ծիրէն ներս տարբեր բնագաւառներու մէջ ցուցաբերած օժանդակութեան եւ իրականացուած ծրագիրներուն համար:
Արարատ Միրզոյեանին փոխանցելով Ճափոնի Ներկայացուցիչներու եւ Խորհրդականներու պալատներու նախագահներուն շնորհաւորանքները ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն կապակցութեամբ` դեսպանը, իր կարգին, բարձր գնահատած է վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդարանական յարաբերութիւններու աշխուժացումը:
Դեսպան Եամատան հետաքրքրուած է 2018 թուականի Փետրուարին ստորագրուած «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճափոնի միջեւ ներդրումներու ազատականացումի, խրախուսումի եւ փոխադարձ պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրի՝ Ազգային ժողովին կողմէ վաւերացումի գործընթացով, որուն ի պատասխան Արարատ Միրզոյեանը, կարեւորելով համաձայնագիրի շուտափոյթ կիրարկումը, յոյս յայտնած է, որ ամենասեղմ ժամկէտներով Ազգային ժողովին մէջ կը կազմակերպուի համաձայնագիրի քննարկումը:
Կողմերը հանգամանալից անդրադարձած են հայ-ճափոնական համատեղ օրակարգի յառաջմղումին առնչուող բազմաթիւ հարցերու, միտքեր փոխանակած են տարբեր ձեւաչափերով գործակցութեան ընդլայնումին ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու շուրջ: