Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարը Մեկնաբանած է ԼՂ Հակամարտութեան Կողմերուն Վերաբերեալ Վարչապետի Յայտարարութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան մեկնաբանած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն վերաբերեալ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ըրած յայտարարութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ն՝ իր խօսքին մէջ՝ վարչապետը նշած էր, որ իր կարծիքով` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրները, նաեւ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրած են, որ լուծման խնդիրը նոյնինքն  հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու օրակարգին հարցն է:

«Հայաստանը բանակցութիւններուն մէջ ունի իր մասը: Հայաստանը բանակցող կողմ է: Հայաստանը Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորն է: Այս առումով կայ երեք կողմ: Հայաստանը պիտի շարունակէ այդ ամէնը ընել»,- ըսած է նախարարը:

Նշենք, որ Փետրուար 1-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Գերմանիոյ վարչապետ  Անկելա Մերքելի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին ժամանակ յայտարարած էր.

«Կը կարծեմ՝ համանախագահող երկիրները (ԵԱՀԿ մինսկի խումբի), նաեւ միջազգային հանրութիւնը յստակ արձանագրած են, որ լուծման խնդիրը նոյնինքն հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած երեք կողմերու օրակարգին հարցն է, եւ միջազգային հանրութիւնը չի կրնար հակամարտութեան երեք կողմերուն փոխարէն լուծել հակամարտութիւնը, ընդամէնը կրնայ որոշակի հարթակ ստեղծել բանակցութեան համար: Ես կը կարծեմ, որ ԵԱՀԿ մինսկի խումբի համանախագահութիւնը յաջողած է այդ հարթակը ստեղծելու առումով»։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին