«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան Փետրուար 4-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ռաֆիք Մանսուրը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրը, Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հայաստանի կարեւոր գործընկերներէն է եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումիէն ի վեր երկկողմ կապերը փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան հիման վրայ զարգացած են բազմաթիւ ոլորտներու մէջ:
Ազգային ժողովի նախագահի համոզմամբ՝ Հայաստանի խորհրդարանը պատրաստակամ է աւելի ընդլայնելու եւ խորացնելու այդ յարաբերութիւնները:
Անդրադառնալով օրէնսդիրներու գործակցութեան աշխուժացումին, փոխայցերուն եւ փորձի փոխանակումին՝ Ազգային ժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ նորընտիր խորհրդարանին մէջ յառաջիկային ձեւաւորուելիք բարեկամական խումբը իր գործունէութեամբ նոր շունչ կը հաղորդէ երկկողմ կապերու սերտացումին:
Օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը բարձր գնահատած է տարբեր ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներու գործին մէջ ԱՄՆ կողմէ ցուցաբերուող աջակցութիւնը:
Շնորհաւորելով Արարատ Միրզոյեանը Ազգային ժողովի կողմէ խորհրդարանի նախագահ միաձայն ընտրուելուն առթիւ՝ Ռաֆիք Մանսուրը նշած է. «Յստակ է, որ հայ ժողովուրդը այս Ազգային ժողովէն մեծ ակնկալիքներ ունի, եւ ես 2019 թուականին ընթացքին կը սպասեմ խորհրդարանականներուն կողմէ իրենց լիազօրութեան կենսագործումին ուղղուած ջանքերուն»:
Խորհրդարանի ղեկավարը, շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին համար, ընդգծած է. «Ժողովրդավարութիւնը, արդիւնաւէտ եւ թափանցիկ կառավարումը, մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների երաշխաւորումն ու պաշտպանութիւնը մեզ համար այն հիմնարար արժէքներն են, որոնց վրայ խարսխուում է մեր իշխանութեան գործունէութիւնը»:
Զրուցակիցները անդրադարձած են ՀՀ-ի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացումին, օրէնսդրական դաշտի կատարելագործումին, փտածութեան դէմ պայքարի հարցին գծով իրականացուող քայլերուն, երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: