«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արդէն 74 հոգի փաստաթուղթեր ներկայացուցած է Ուքրանիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին՝ երկրի նախագահի թեկնածու գրանցուելու համար, որմէ 28-ն գրանցուած է, իսկ միւս 28-ի թեկնածութիւնը՝ ոչ, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ին, ԿԸՅ-էն յայտնած է ուքրանական «Փրիամոյ» հետուստաալիքի թղթակիցը։
«Ընդամէնը գրանցուած է 28 թեկնածու։ 22 թեկնածու մերժում ստացած է: Ընդհանուր առմամբ, փաստաթուղթեր յանձնած է 74 հոգի»,- տեղեկացուցած է թղթակիցը։
Երէկ՝ Փետրուար 3-ը, ԿԸՅ թեկնածուներուն համար փաստաթուղթեր յանձնելու վերջին օրն էր։
Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Մարտ 31-ին։ Նախընտրական արշաւը սկսած է Դեկտեմբեր 31-ին։
«Ռեյթինկ» ընկերաբանական խումբի հարցախոյզին տուեալներով՝ թեկնածուներուն միջեւ վարկանիշի յառաջատարը Վլատիմիր Զելենսքին է, որուն կ’աջակցի 19.0%-ը այն մարդոց, որ կողմնորոշուած են եւ մտադիր են քուէարկել։ Երկրորդ տեղը «Պաթքիվշչինա»-յի առաջնորդ Եուլիա Թիմոշէնքօն է (18.2%), երրորդը՝ գործող նախագահ Փետրօ Փորոշէնքօն (15.1%)։