Իր որպէս նախարար նշանակումէն եւ առ այդ նախարարաց խորհուրդի առաջին նիստի մասնակցութենէն անմիջապէս ետք Շաբաթ, 2 Փետրուար 2019-ին յետմիջօրէին Լիբանանի նոր կառավարութեան մէջ ընկերային հարցերու հայ նորանշանակ նախարար Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան, ընկերակցութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեանի եւ վարչութեան անդամ ընկերներ Սեդրակ Քիւրէճեանի եւ Արա Գոյունեանի այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան օրհնութիւնը ստանալու Արժանապատիւ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի Պատրիարքին:
Հանդիպման ներկայ եղան Հայ կաթողիկէ կղերէն ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնակատարներ: Այս առիթով Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց կոթողին առջեւ Տոքթ. Գույումճեան ծաղկեպսակ զետեղեց:
Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք նորանշանական նախարարը իրեն ընկերակցող ՌԱԿի պատասխանատուներուն հետ անմիջապէս ուղղուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք այցելելու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, նորին սրբութենէն աստանալու համար իր օրհնութիւնն ու թելադրութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Տոքթ. Գույումճեանի նախարարի պաշտօնին նշանակումը եւ մաղթեց, որ նուիրումով ծառայէ Լիբանանին ու հայ համայնքին՝ միշտ բարձր պահելով Լիբանանի հայութեան վարկն ու պատիւը։
Անթիլիասի մայրավանքին շրջափակին մէջ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց եւս նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց:
Նախարար Գույումճեան իր երկու այցելութիւններուն ընթացքին հոգեւոր պետերուն խոստացաւ Լիբանանի կառավարութեան մէջ լաւագոյնս ներկայացնել լիբանանահայ համայնքը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, որն է ծառայել Լիբանանին ու անոր քաղաքացիներուն:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան