Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Հռոմի Պապը Առաջին Անգամ Կ’այցելէ Արաբական Թերակղզի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Փետրուար 3-ին եռօրեայ առաքելական ուղեւորութեան մեկնած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ. ան կ’ըլլայ Հռոմէակաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջին հովուապետը, որ կ’այցելէ Արաբական թերակղզի, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ն։

Ապու Տապի մեկնելէ մէկ ժամ առաջ, Վատիկանի մէջ կիրակնօրեայ աւանդական քարոզի ժամանակ ան ԱՄԷ իր այցը համարած է «կարճ, բայց կարեւոր ճամբորդութիւն»։ Այնուհետեւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը Թուիթըրի իր էջին վրայ գրած է. «Կը մեկնիմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այդ երկիրը կ’ուղեւորուիմ որպէս եղբայր, որպէսզի միասին գրենք երկխօսութեան էջ մը եւ միասին անցնինք խաղաղութեան արահետներով։ Աղօթեցէ՛ք ինծի համար»։

Այցը պիտի տեւէ մինչեւ Փետրուար 5՝ Ապու Տապիի թագաժառանգ, Շեյխ Մուհամմատ պին Զայետ Ալ Նահիանի հրաւէրով։ Այցին Հռոմի պապը կը մասնակցի «Մարդկային եղբայրութիւն» միջազգային միջկրօնական հանդիպումին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին