Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու բացման արարողութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոս 6-ին, Ստեփանակերտի մէջ:
Ըստ Armenpress.am-ի, նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն, խաղերը ամբողջապէս պէտք է իրականացուէին Արցախի մէջ, սակայն դեռ միայն բացման պաշտօնական արարողութիւնը ծրագրաւորուած է Ստեփանակերտի մէջ, որ պիտի կայանայ Օգոստոս 6-ին:
Օգոստոս 7-ին, խումբերը պիտի շրջին Արցախի մէջ եւ պիտի վերադառնան Երեւան, ուր պիտի տրուի խաղերուն մեկնարկը:
Խաղերու փակման պաշտօնական արարողութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոս 17-ին: