ԿԱՐՕ ՊՈՀՃԱԼԵԱՆ
Փողոցին անկիւնը, թաղին հին եւ ամէնէն շատ փնտռուած սրճարանին սպասաւորները իրիկնամուտին մասնաւոր պատրաստութիւններ կը տեսնէին :
Դուրսը եւ ներսը, յաւելեալ աթոռներ շարած էին, եւ ռատիոյի բարձրաձայն ալիքները մինչեւ մեր տան մօտերը կը հասնէին:
Արեւի վերջին կաթիլը դեռ քիչ առաջ ինկած ու հալած էր սրճարանի թաց մայթին վրայ, ու փողոցի լոյսերն ալ նոր սկսած էին արթննալ:
Այն գիշերը մասնաւոր էր, Օմմու Քալսումին հաֆլան կար, եւ իր ձայնը մինչեւ լուսաբաց, սրճարանի լուսաւոր հայելիներուն մէջ վստահաբար պիտի փայլէր…
Սրճարանէն քիչ անդին, գրեթէ անկիւնի դարձուածքին վրայ, իրիկունները փողոցի լոյսին տակ, ձեռքով հրուող, երկու անիւներով փայտէ սայլակ մը միշտ կեցած կ’ըլլար:
Տէրը, անոր տափակ հարթակին վրայ, սառի խոշոր կտորի մը տակ, փշոտ ադամաթուզեր կը ծախէր պտուղի եղանակին:
Յաճախորդները կու գային, սայլին առջեւ կը խռնուէին, եւ դիզուած ադամաթուզերէն իրենց հաւնածները կը զատէին:
Ադամաթուզերը նոր քաղուած, սառած եւ անուշ կ’ըլլային:
Սայլին գանգուր մազերով տէրը, ձեռքով կը բռնէր մօրուքին պէս փշոտ պտուղը, եւ զմելիի երկու արագ հարուածներէ վերջ, կեղեւը դեռ բոլորովին չզատուած՝ ադամաթուզը յաճախորդին կը հրամցնէր:
Բայց փշոտ պտուղ ստկելու գործը դիւրին չէր:
Ես յաճախ զինք կը տեսնէի, երբ կազի լամբարի մը լոյսին տակ նստած, պարապ ժամերուն, ունելիով , ծակած մատերուն փուշերը կը մաքրէր….
Բայց այն գիշեր Օմմու Քալսումին գիշերն էր, եւ փայտէ սայլակին առջեւ քիչ յաճախորդներ կեցած էին: Անոնք լաւ տեղեր ապահովելու համար, արդէն կանուխէն թաղին սրճարանները լեցուած էին:
Օմմու Քալսումին ձայնը, մեկնաբանութիւնը, եւ սահրաները շատ սիրուած էին, եւ հասարակ ժողովուրդը սրճարաններու մէջ ոտքի կամ նստած` ժամերով մտիկ կ’ընէր անոր երկայն երգերը:
Ես չէի սիրեր սահրաները, որովհետեւ սրճարանի ռատիոյէն եկող բարձր ձայնը, մինչեւ ուշ գիշեր քունս կը խանգարէր:
Հոն՝ հաֆլաներու գիշերները, ջուրը կլկլակներու թափանցիկ շիշերուն մէջ կը պղպջար եւ սեղաններու շուրջ խօսակցութեան նիւթերը շարունակ կը նորոգէր ու վառ կը պահէր:
Այն օրը՝ օրուայ տաքին, դուրսի աթոռներուն վրայ տեղ չէր մնացած եւ սպասաւորները զբաղած`ամէն օրուընէ աւելի աշխոյժ կ’աշխատէին:
Ուսերու բարձրութեան վրայ բաց ափերով կլորիկ ափսէներ բռնած` սեղանէ-սեղան կը պտըտէին ու անոնց վրայ ապսպրուած սուրճի կամ թէյի գաւաթներ կը զետեղէին: Բայց յաճախորդներու թէյի կամ սուրճի պատուէրէն զատ ալ, սպասաւորներուն բերած ափսէներուն մէջ սառած ջուրը միշտ միասին ձրի «նուէր» կու գար:
Ներսը` սպասաւորները յաճախորդներէն ապսպրանքներ կը ստանային եւ, սեղաններուն առջեւ կեցած, շատ անգամներ եւ արդէն տեղւոյն վրայ, պատուէրները բարձրաձայն պոռալով սրճեփին կը փոխանցէին:
– Ահուա մազպո՜ւթ…
– Սոքքար զիյատա՜…
Սրճեփը ընդհանուր ժխորին մէջ կ’իմանար կանչերը եւ շուտով կը պատրաստէր ապսպրանքները:
Սրճարանին մէջ տեսարանը պատկերալից էր: Ներսը լսուած բարձրաձայն ծիծաղներու, հայհոյանքներու, եւ զանազան կանչերու մէջ, ձեղունէն կախուած հովահարներ առանց ձայնի, ծոյլ-ծոյլ կը դառնային եւ նարտի խաղացողներուն հով կու տային:
Խաղացողներուն դէմքերը, սեղանները, սրճարանին լոյսերը եւ կլկլակները, պատերուն վրայ շարուած հայելիներուն մէջ կը ցոլանային, եւ այդպէսով սրճարաններու մէջ ստեղծուած յատուկ զուարթ մթնոլորտը ներսը միշտ կը պահուէր ու կը զգացուէր:
Այդ մթնոլորտը սուրճի եւ թէյի չափ կարեւոր էր սրճարաններուն մէջ:
Բայց լոյսերու այդ զուարճութեան մէջ, ժխորը բարձր էր, եւ հոն նարտի խաղացողներուն «թրի՛ք-թրա՛ք»-երը դուրսէն բարձր կը լսուէին անցորդներէն :
Ես ուր որ ըլլայի, ամէն անգամ երբ սրճարանի մը առջեւէն անցնէի եւ «թրի՛ք- թրա՛ք»-ի ձայներ լսէի, հօրս եւ իր բարեկամներուն նարտիի խաղերը կը յիշէի:
Հայրս նարտիի խաղին մէջ վարպետ էր, եւ անպարտելի ըսուելու աստիճան լաւ խաղացող:
Բայց հազուադէպ պարագաներու, երբ անհաւատալին պատահէր, եւ դիմացինին զարը բացառիկ ձեւով յաջող գար ու շահէր, հայրս կը բարկանար: Ան երբե՛ք չէր հանդուրժեր կորսնցնելու գաղափարին եւ խաղին ընթացքը իրեն ի նպաստ դարձնելու համար, անմիջապէս յարձակողականի կ’անցնէր:
Տունը խաղի տուփ մը ունէր, եւ երբ Արթօ Գարակէլինեանին հայրը կամ ուրիշ բարեկամներ մեր տունը այցի գային, հայրս կը բանար տուփը, եւ երկուքը միասին ժամերով կը խաղային:
Ես նարտի խաղը իրմէ սորված էի:
– Տե՛ս,- կ’ըսէր հայրս խաղը սորվեցուցած ատեն,- նարտի խաղը ռազմագիտական է, փուլերն ալ զինուորներդ են: Պէտք է միշտ այնպէս նպաստաւոր դիրքերու վրայ շարես զինուորներդ, որ կարելի ըլլայ յարմարագոյն վայրկեանին խաղդ յարձակողականէ պաշտպանողականի դարձնել կամ ալ փոխադարձել:
Ես մտիկ կ’ընէի տուած բացատրութիւնները, սակայն հազիւ խաղ մը սկսած,կը մոռնայի կամ կ’անտեսէի իր խորհուրդները, եւ յոյսս աւելի զարին կը վստահէի:
Այն ատեն հայրս կը բարկանար, եւ
– Տղա՛ս, զարը կրնայ երբեմն օգնել, բայց դուն պէտք է խաղը միշտ շիտակ խաղաս,- կ’ըսէր:
Ինք փորձառու էր, եւ անշուշտ գիտէր ըսածը:
Իսկ նարտի խաղը, ես վերջէն սորվեցայ, որ ռազմագիտական ըլլալէ զատ արուեստի չափ ալ նուրբ էր:
Բայց խաղը իրմէ սորվելէս ետք, հետը շատ չէի խաղար: Կ’ուզէի նախ իմ հաշուոյս խաղին մէջ անկախ եւ փորձառու դառնալ, որպէսզի միասին, խաղը օր մը երկու վարպետներու հաւասար ուժերով խաղայինք սեղանին վրայ:
Ի վերջոյ, խաղը հաւասար ուժերով, միշտ աւելի հաճելի կ’ըլլար:
Իրեն պէս ես ալ չէի սիրեր խաղին մէջ կորսնցնել, սակայն խաղացածներս ալ միշտ ի նպաստ ինծի չէին վերջանար:
Փորձառութիւն ձեռք ձգել պէտք էր, բայց խաղի ընկերներս հօրս ունեցած փորձառութիւնը չունէին:
Ես անհամբեր էի, եւ յաճախ
– Ե՞րբ վարպետներու խաղին օրը պիտի գայ,- կը հարցնէի ինքզինքիս:
– Ինծի համար «վարպետ»-ները ես ու հայրս էինք, եւ «վարպետ»-ներու խաղն ալ մեր երկուքինը պիտի ըլլար:
Սակայն խաղին օրը գալէն առաջ, մենք հեռու գաղթեցինք, եւ խիտ անտառներով երկրի մը բարձր դռնէն դժուարութեամբ ներս մտանք:
Երկրին անունը Պրազիլ էր:
Հոս հաստատուեցանք, մեր արհեստները փոխեցինք եւ ապրեցանք:
Ես դեռ յոյս ունէի, որ վարպետներու խաղի օրը պիտի գար, եւ հօրս հետ այն օրը հաւասար ուժերով պիտի խաղայի:
– Ո՞վ գիտէ, թերեւս նարտի փայտին վրայ փուլերս իրեն պէս ուժով «թրի՛ք» կամ «թրա՛ք» ալ, ե՛ս զարնէի,- կը մտածէի:
– Հապա եթէ զարս օգնէ՞ր … պիտի բարկանա՞ր հայրս,- կը շարունակէի մտածումիս թելը:
Բայց այնպէս կ’երեւար, որ դեռ կանուխ էր, եւ նարտի խաղը ինձմէ տակաւին ռազմավարութիւն, համբերութիւն եւ բաւական ժամանակ կը պահանջէր:
Ես շարունակեցի զանազան առիթներով, միայն եղբօրս եւ բարեկամներուս հետ խաղալ: Անոնց մէջ Յաբէթը մասնաւոր տեղ կը գրաւէր:
Ան Եգիպտոսէն էր եւ նարտի սիրահար:
Ես զինք հոս ճանչցած էի:
Մենք ընտանեկան յարաբերութիւններ մշակած էինք, եւ յաճախ կ’այցելէինք իրարու:
Խաղերուն մէջ, Յաբէթը եւ ես գրեթէ հաւասար ուժեր էինք, սակայն ան գիտէր նեղ վայրկեաններուն զարերուն հետ «սիրաբանել», եւ միշտ պէտք եղած ժամերուն կը յաջողէր իրեն նպաստաւոր բարձր թիւեր նետել:
Այդ պատճառաւ ալ կը պատահէր, որ երբեմն մեր միջեւ անհամաձայնութիւններ կամ պզտիկ վէճեր ծագէին: Բայց անոնք լուրջ չէին ըլլար եւ շուտով կը մարէին:
– Իսկ ո՞ր նարտի խաղին մէջ պզտիկ վէճեր չէին ծագեր:
Սակայն վէճերով եւ բարեկամներու հետ խաղալով, տարիներ վերջ երբ ես արդէն բաւական յառաջացած էի խաղին մէջ եւ սկսած էի մտածել, թէ վարպետներու խաղին օրը վերջապէս կը մօտենար, օր մը անակնկալօրէն հայրս մեր մտած կանանչ երկրի բարձր դռնէն դուրս ելաւ ու մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Անսպասելի էր պատահածը:
Գոցեցի հօրս նարտիի տուփը եւ պահարանիս մէջ պահեցի:
Ա՛լ վարպետներու խաղ չէր մնացած խաղալիք:
Շաբթու վերջ մը Յաբէթը եւ Արեգը մեր քով մնալու եկան:
Հազիւ ճեմելիքի աթոռներուն վրայ նստած`
– Սա թաուլուն բե՛ր, նայինք խաղալ սորվե՞ր ես,- կատակով հարցուց Յաբէթը:
Սեղանին վրայ, տաք սուրճին քով թաուլուին տուփը բաց էր:
Խաղը արդէն սկսած էինք, յառաջացած էր եւ վերջնական արդիւնքը աննախատեսելի ու վտանգաւոր կէտի վրայ էր:
Յաբէթը ետ հրեց աթոռը, եւ զարերը հեռուէն թաուլուին մէջ նետեց:
Զարերը վազեցին փայտին վրայ, բայց անմիջապէս չնստան կողմերուն վրայ:
Անոնք դարձան անկիւններու վրայ եւ ուշացան:
– Կիո՛րկի,- պոռաց յանկարծ Յաբէթը ամբողջ ուժով:
Զարերը քիչ մըն ալ պարեցին, եւ յետոյ կարծես Յաբէթին պոռացածը ականջով լսած ըլլային, տուփին մէջ զոյգ մը չորս թիւերու վրայ կեցան: Յաբէթին ուզած Կիորկին եկած էր վերջապէս:
– Տեսա՞ր՝ ինչպէ՛ս զարին վրայ կը կարդաս,- բարկացայ Յաբէթին:
Ան չպատասխանեց եւ տուփին մէջ փուլերը նոր տեղեր փոխադրեց:
Բայց նետած Կիորկին խաղս աւրած էր:
Կարգը իմս էր: Գոց ափիս մէջ զարերը շարժեցի եւ նետեցի:
Ճիշդ չեմ յիշեր՝ ի՛նչ նետեցի, բայց գիտեմ, որ թիւերը շատ նպաստաւոր չեկան:
Ես յիշեցի, որ հայրս սորվեցուցած էր, թէ փուլերը զինուորներ էին, եւ պէտք է միշտ խաղին յաջորդ քայլերուն նպաստելիք դիրքերու վրայ շարուէին:
Ես սովորաբար չէի հետեւեր իր խորհուրդներուն եւ տարբեր կը խաղայի:
Սակայն հիմա խաղս վտանգի մէջ էր, եւ փուլերս տեղափոխելու քանի մը ձեւեր կը տեսնէի առջեւս:
– Ո՞րն էր անոնցմէ լաւագոյնը:
– Ո՞ր ձեւը ընտրէի:
Դժուար էր: Յարմար տարբերակներ չէի տեսներ անոնց մէջ:
– Ի՞նչ ընէի:
Քիչ մը ուշացայ:
– Է՜՜, խաղայի՛ր ալ,- յանկարծ բարկացաւ Յաբէթը:
– Թեւս երկնցուցի, եւ այս անգամ մեքենաբար, հօրս տուած խորհուրդին համեմատ ընտրեցի փուլերուս նոր դիրքերը:
Յաբէթը չհասկցաւ խաղիս նոր ձեւը, չդիմացաւ եւ խաղը վայրկեան մը ընդհատեց:
– Ինչո՞ւ այս անգամ տարբեր խաղացիր,- հարցուց հետաքրքրուած:
Մենք երբեմն այդպէս հարցումներ կ’ընէինք իրարու, եւ մէկզմէկու տուած բացատրութիւններէն օգտուելով նոր ձեւեր կը սորվէինք եւ խաղին մէջ կը յառաջանայինք:: Կարեւոր չէր միայն խաղալ եւ ամէն գնով յաղթել ուզելը: Աւելի կարեւորը խաղա՛լն էր, քանի որ ի վերջոյ մեր խաղերը միշտ ալ բարեկամական եղած էին:
– Տե՛ս, Յաբէթ, թաուլուն ռազմագիտական խաղ է,- սկսայ բացատրել Յաբէթին:
– Փրոֆեսէո՞ր դարձար գլխուս, ի՛նչ է ,- կէս լուրջ, բայց անհամբեր ձեւով հարցուց Յաբէթը:
– Փուլերն ալ զինուորներ են,- շարունակեցի ես:
Բայց ան տրամադիր չէր աւելի երկար լսելու: Դեռ ըսելիք խօսքերուս չսպասեց, կարեւորութիւն ալ չտուաւ: Գլուխը տարտամօրէն շարժեց եւ առանց բառ մը արտասանելու՝ ափին մէջի զարերը ցնցեց ու թաուլուին մէջ գլտորեց:
Այն օրը Յաբէթին հետ խաղին մնացեալ մասն ալ սովորական ձեւովս չխաղացի եւ յոյսս զարին չվստահեցայ: Ես խաղացի այնպէս, ինչպէս նարտիի «դասեր»-ուս նոր սկսած օրերուս, մեծ վարպետը համբերութեամբ ինծի խրատած ու սորվեցուցած էր:
Յաբէթը լուր չունէր ատկէ եւ չկրցաւ գիտնալ այդպէս խաղալուս պատճառը:
Այն օրը ես վերջնականապէս հասկցայ, թէ հայրս իրաւունք ունէր, եւ թաուլուն ժամանցի խաղ ըլլալէ զատ ռազմագիտական ալ էր:
Ես միշտ «վարպետ»-ներու խաղի օրուան սպասած էի: Յաբէթը ի հարկէ «վարպետ»-ս չէր եւ հօրս ունեցած փորձառութիւնը չունէր: Սակայն այն օրը, տուփին մէջ տեղաւորած փուլերուս «թրա՛ք»-երուն հետ ես այնպէս զգացի, թէ «վարպետ»-ներու այնքան սպասած օրուան խաղս էր որ կը խաղայի:
Վարպետս չկար, շատոնց մեկնած էր մեր քովէն, բայց իր ոճը խաղիս մէջ ողջ էր ու ե՛ս կը շարունակէի:
Հաստատ չեմ գիտեր … արդեօք հայրս գտնուած տեղէն կրցա՞ւ այն օրը դիտել եւ հետեւիլ մեր խաղին, բայց եթէ դիտեց, վստահ եմ, որ խնդաց եւ
– Տղա՛ս, զարը կ’օգնէ բայց դուն պէտք է խաղդ միշտ ա՛յս ձեւով խաղաս, փսփսաց ինքնիրեն եւ ուրախացաւ:
Աղբիւր՝ Ծանօթութիւն- «ԿԱՐՕՏ» առցանց հրատարակուած գիրքէս, էջ 186:
Քամփինաս, Պրազիլ






