ԿՈՐԻՒՆ Լ. ՔԷՀԵԱՅԵԱՆ
2018 թուականի Հոկտեմբեր 11-12-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայացած Ֆրանքոֆոնիոյ 17-րդ գագաթնաժողովի օրերուն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, անթաքուն պահելով իր երկրի մնայուն շահերը, 24News-ի հետ տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտնած է հետեւեալ միտքը՝ «Շատ ուրախ եմ այսօր Հայաստան ժամանելուս եւ Ֆրանքոֆոնիոյ 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելուս համար: Հայաստանը մեզի համար շատ թանկ երկիր մըն է: Հայերը Ֆրանսայի պատմութիւնը կերտած են. մենք, կարելի է ըսել, կիսով չափ հայրենակիցներ ենք, եւ հայերը կը կազմեն մեր պատմութեան ու հպարտութեան մէկ բաղադրիչ մասը: Շատ ուրախ եմ եւ միաժամանակ վշտացած՝ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ: Նաեւ կ’ուզեմ նշել, որ այս գագաթնաժողովը շատ կարեւոր է եւ յառաջիկային կը սպասուի Ֆրանքոֆոնիոյ գլխաւոր քարտուղարի ընտրութիւնը»: Այսպիսով, նախագահ Մաքրոն, զոյգ պետութեանց անցեալն ու ներկան մերձեցնելով, լուրջ մարտահրաւէր մը նետեց տարածաշրջանային հզօր ու համաշխարհային գերտէրութեանց առջեւ:
Իսկ մեր օրերուն, ո՛չ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կանցլեր Անկելա Մերքելը եւ ո՛չ ալ Գերմանիա այցելած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կրցան համադրել Փարիզի Musée de Cluny թանգարանին մէջ պահուած եւ 982/983 թուականներուն պատկանող փղոսկրեայ կողքի {որուն վրայ փորագրուած է՝ Յիսուս Քրիստոսի օրհնութեան պահը, Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան (1512 թուականէն – Գերմանական Ազգի Սրբազան Հռոմէական կայսրութիւն)՝ Օթթօ Բ. (Օտտօ Բ.) կայսրին եւ Թէոփանու կամ Թէոֆանու կայսրուհիին} եւ Գերմանիոյ Էշուէկ քաղաքի Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ կից կանգնեցուած՝ Թէոֆանու կայսրուհիի ժամանակակից արձանի պատմական արժէքի յոյժ կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը եւ յայտարարել Կուրկուասներու կատարած պատմական կաեւորագոյն դերի եւ հայ-գերմանական հնամենի յարաբերութեանց մասին:
Փղոսկրեայ կողք (982/983, կը գտնուի Փարիզի Musée de Cluny թանգարանին մէջ), ուր Յիսուս Քրիստոս կ’օրհնէ Օթթօ Բ. (Օտտօ Բ.) կայսրը եւ Թէոփանու կամ Թէոֆանու կայսրուհին
Թէոֆանու կայսրուհիի ժամանակակից արձանը, կը գտնուի Գերմանիոյ Էշուէկ քաղաքի Ս. Դիոնիսիոս եկեղեցւոյ կից
Կուրկուասներու մասին շատ ուշագրաւ տեղեկութիւններ կու տայ Բիւզանդիոյ Կոստանդին VII Ծիրանածին կայսրը {(905-959), Բիւզանդիոյ կայսր եղած է 913-920 եւ 944-959 թուականներուն: Ան Մակեդոնական (ծագումով հայկական) արքայատոհմէն էր}, իր «Կայսրութեան կառավարման մասին» (որուն 43-46-րդ գլուխները կը վերաբերին Հայաստանին), «Բիւզանդական արքունիքի արարողութիւնների մասին» եւ «Բանակաթեմերի մասին» երկերուն մէջ {տես՝ Կոստանդին Ծիրանածին, Երեւան 1970 (Օտար աղբիւրները Հայաստանի եւ հայերի մասին, 6 : Բիւզանդական աղբիւրներ, գիրք 2)}:
Կուրկուասները (տոհմի անունը յառաջացած է Գուրգէն անունէն) եղած են Մեծ Հայքի ծագումով հայ նախարարական ընտանիքներէն մին: 7-9-րդ դարերուն Հայաստանի մէջ արաբական գերիշխանութեան ժամանակ Կուրկուասները գաղթելով Բիւզանդական կայսրութիւն ու ամուսնական կապեր հաստատելով բիւզանդական Ֆոքաս եւ Սքլէրուս ազնուական ընտանիքներուն հետ՝ դարձած են կայսրութեան ազդեցիկ տոհմերէն մէկը եւ տուած են շատ մը յայտնի քաղաքական եւ ռազմական գործիչներ, ինչպէս՝ Ռոմանոս Կուրկուաս Ա-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Ա-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Բ-ը, Թէոփիլոս Կուրկուասը, Ռոմանոս Կուրկուաս Բ-ը, Յովհաննէս Կուրկուաս Գ-ը, Յովհաննէս Ա. Չմշկիկը (բիւզանդիոյ ծագումով հայ կայսր, 969-976), Յովհաննէս Կուրկուասը (Ժ-ԺԱ դարեր), Միքայէլ Բ. Կուրկուասը (ԺԲ դար) եւ Գէորգի Կուրկուասը:
Իսկ այս բոլորէն ամէնէն ակնառուն եղած է Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան Օթթօ Բ-ի (955–983, յայտնի է նաեւ Կարմիր Օթթօ անուամբ) տիկնոջ՝ Թէոֆանու կայսրուհիին կերպարը: Թէոֆանու կայսրուհին եղած է Բիւզանդիոյ՝ Յովհաննէս Ա. Չմշկիկ կայսրի (969-976, ծագումով հայ Կուրկուասներու տոհմէն) եղբօր դուստրը: 983 թուականին Օթթօ Բ. կայսրի մահէն ետք, Թէոֆանու կայսրուհին (955-990) մինչեւ իր մահը կառավարած է Գերմանիան՝ միաւորելով բազմաթիւ գերմանական ցեղեր:
Թէոֆանու կայսրուհիին շիրմաքարը կը գտնուի Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի՝ Սուրբ Փաթալէօն եկեղեցւոյ մէջ: Ճիշդ այս վայրին մէջ իսկ կ’արժէր կանցլերն ու վարչապետը իրենց կարծրատիպերը ջարդէին եւ Մաքրոնի օրինակին հետեւէին: Արդեօք Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութի՞ւնն ալ մէկ այլ Շարլ Ազնաւուրի մը կարիքն ունէր, որպէսզի յայտարարէին, որ հայերն ու գերմանացիները կիսով չափ հայրենակիցներ են:
Թէոֆանու կայսրուհիին շիրմաքարը (Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքի St. Pantaleon եկեղեցւոյ մէջ)