Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Ռումինիոյ Մէջ Կրիբի Համաճարակ Յայտարարուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Կրիբի համաճարակը ընդգրկած է Ռումինիան, հիւանդութիւնը պիտի շարունակէ տարածուիլ: Այդ մասին երկրի առողջապահութեան նախարար Սորինա Փինթիան յայտնած է Յունուար 30-ին կայացած մամուլի ասուլիսին ժամանակ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

«Մենք կ’արձանագրենք կրիբի համաճարակ, մեր մօտ երրորդ համաճարակային շաբաթն է: Կրիբը կը տարածուի ամբողջ երկիրը, թէպէտեւ տարբեր մաշտաբով»,- ըսած է Փինթիան: Ըստ իրեն՝ խօսքը այն հիմնամանրէին մասին է, որ թեթեւ եւ միջին աստիճանի ծանրութեան հետեւանքներ կը յառաջացնէ: Ռումինիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը վաղօրօք այդ հիմնամանրէին դէմ պատուաստանիւթեր ձեռք բերած է, ուստի անոնք պէտք է բաւականաչափ ըլլան ամբողջ երկրին համար: «Մասնագէտները կը նշեն, որ կրիբի տարածումը կը պահպանուի Փետրուարին: Առողջապահութեան նախարարութեան նպատակը կրիբի ծանր դէպքերու եւ վիրուսի պատճառով մահերու բացառումն է»,- յաւելած է Փինթիան: Առողջապահութեան նախարարութեան կարգադրութեամբ լրացուցիչ գնուած է պատուաստանիւթերու 30 հազար չափաբաժին, որոնք կը սկսին բժշկական հաստատութիւններուն բաժնել Յունուար 31-ին: Յունուարի սկիզբէն ի վեր Ռումինիոյ մէջ կրիբէն մահացած է 54 հոգի, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին