Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Ֆիլիփինի Մէջ Պայթում Տեղի Ունեցած Է Մզկիթի Մէջ, Կան Զոհեր

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Առնուազն երկու հոգի մահացած է, իսկ չորսը՝ վիրաւորուած Ֆիլիփինի Մինտանաօ կղզիի Զամպոյանկա քաղաքի մզկիթի շէնքին մէջ նռնակի պայթումին հետեւանքով: Յունուար 30-ին այս մասին յայտնած է «Rappler» նորութիւններու գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ոստիկանութիւնը, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:

Գործակալութեան տուեալներով՝ անյայտ անձը նռնակ նետած է մզկիթի շէնքին վրայ, երբ այնտեղ կը գտնուէին իսլամական հոգեւոր առաջնորդներ:

Բոլոր տուժածները անյապաղ հիւանդանոց տեղափոխուած են: Անոնց առողջական վիճակին վերաբերեալ տեղեկութիւն չէ հաղորդուած:

Միջադէպի այլ մանրամասնութիւններ առայժմ չեն յայտներ: Աւելի կանուխ՝ Յունուար 27-ին, Ֆիլիփինի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն տեղի ունեցած է պատարագէն ետք Հոլօ քաղաքի (Սուլուի նահանգ) մայր տաճարին մօտ: Վերջին տուեալներով՝ մահացած է 20 հոգի, տուժած է՝ 111-ը: Պայթումին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորումը, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին