ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի, ամանորի նախաշրջանին եւ անմիջական յետշրջանին, ուրախութեան ու տօնախմբութեան տրամադրութեանց կողքին, տխրութեան ու վշակցութեան պահերը, կարծես «մրցակցութեան» ելած էին, մէկ կողմէն աւետաբեր, միւս կողմէն՝ գուժաբեր լուրերով։
Ինչ խօսք որ՝ կեանքի օրէնքներն են ատոնք, անխուսափելի գործօններով ու հոլովոյթներով, որոնք գեղեցիկին, շինիչին, վարդագոյնին եւ յուսադրիչին զուգահեռ, կ’ենթադրեն նաեւ զգայացունցը, քանդիչը, մոխրագոյնը եւ աղիտաբերը։
Այդ հանգրուաններուն, բարի մաղթանքները եւ առողջացման ցանկութիւնները, թէեւ կը գրաւեն հիմնական տեղ, բայց, ճակատագրականութիւնը միշտ չի ճանչնար թելադրականութիւն կամ պայծառատեսութիւն, երբ ան՝ երբեմն «դարանակալ» սողոսկումով, երբեմն ալ՝ պարտադրաբար մուտք կը գործէ մարդկային-ընտանեկան օճախներէն ներս, պատճառելով ցաւագին կորուստներ ու մեկնումներ։
***
Այս հպանցիկ մտածումը ունեցայ, երբ Երեւանէն մահուան գոյժը ստացայ, թանկագին ու վաղեմի ընկերոջս՝ Պերճ Եագուպեանին, որ իր մահկանացուն կնքած էր 30 Դեկտեմբեր 2018-ին, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու հարազատները, անթիւ բարեկամներն ու ընկերները։
***
Պերճը կը պատկանի համանուն Եագուպեան գերդաստանի շառաւիղին, որ Սուրիոյ տարածքին ծանօթ է իր մեծղի գործարարութեամբ (շինարակական) եւ յատուկ յարգանք կը վայելէ ներսուրիական եւ արտսուրիական օտար թէ պետական շրջանակներուն մօտ, իսկ սուրիահայ համայնքին ու մայր հայրենիքին մէջ, նոյնպէս՝ արժանի տեղ, իբրեւ բարեգործ, ձեռներէց ու հայրենասէր հայորդիներու ամբողջութիւն մը։
***
Պերճին ծանօթացած եմ Երեւանի մէջ, երբ՝ ինծի նման, Հայաստան եկած էր, համալսարանական ուսում ստանալու։
Առաջին իսկ հանդիպումով, ինչպէս իմ, նաեւ միւս ուսանողներուն մօտ, Պերճը սիրուեցաւ, փնտռուեցաւ, արժանանալով բոլորին սիրոյն եւ ընկերութեան։
Յաղթանդամ, խարտեաշահեր, կրքոտ ու կայտառ էր Պերճը, մարզիկի կարողութիւններով (պասքեթպոլ), բայց, ամէնէն աւելի օժտուած էր անկեղծ ու պարկեշտ, ազնիւ ու բարի նկարագիրով, միշտ պատրաստ՝ օգնելու իր շրջապատին՝ յաճախ հայաստանեան հիւրասիրական ճոխութեամբ։
Այդուհանդերձ, Պերճը երկար չմնաց Հայաստան եւ ուսումը ձգելով վերադարձաւ Դամասկոս, մեր ուսանողական շրջանակին մէջ մեծ բաց մը ձգելով, կարօտալի յուշերով։
Յետագային իմացայ, որ տենդագին նուիրուած է իր հօր եւ հօրեղբայրներուն շինարարական հեւքին, այն աստիճան ինքզինք յոգնեցնելով, մինչեւ որ ունեցած է առողջական հարցեր, բայց շնորհիւ իր աննկուն կամքին, կրցած է յաղթահարել զանոնք ու դարձեալ լծուած՝ իր աշխատանքային ասպարէզին։
1990-ական թուականներուն, Պէյրութ հաստատուելով, շինարարական մարզէն ներս զգալի յաջողութիւններ արձանագրած է, նաեւ՝ Այտային հետ, երջանիկ բոյն մը կազմած, բախտաւորուելով երեք հոյակապ զաւակներով՝ Սթեֆանի, Արա եւ Արման։
Օր մըն ալ, ի մեծ ուրախութիւն ինծի, յանկարծ խմբագրատուն ժամանեց։ Ջերմօրէն ողջագուրուելէ ետք, ինծի յանձնեց կապոց մը, քիչ մը երկչոտութեամբ, քիչ մըն ալ հպարտութեամբ, ըսելով.
– Սիրելի Պարոյր, պիտի խնդրեմ որ այս փոքրիկ նուէրը ընդունիս, առ ի երախտագիտութիւն քու տարած ազգային-հասարակական-խմբագրական գործիդ։ Դուն արժանի ես ասոր։ Հիմա բաց զայն։
Բացի ու տեսայ թէ արծաթեայ մեծկակ ափսէ մըն է, նուիրուած՝ մեծանուն անգլիագիր գրող՝ Ուիլիըմ Սարոյեանին, փորագրեալ մակագրութեամբ.
– Պերճ, ըսի, ասկէ աւելի արժէքաւոր ու սրտաբուխ նուէր չէի կրնար երեւակայել։
***
2002-ին, Պոսթոն պէտք է մեկնէի, մասնակցելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ժողովին, արտակարգ եւ հրատապ հարցերու քննարկման համար։ Արդէն, մէկ օր առաջ, ճամբորդութեանս պատրաստութիւնները տեսած էի, կէս գիշերէն ետք մեկնելու, երբ Պերճը հեռաձայնեց, զիս ու տիկինս հրաւիրելով ընկերային նշելի հանդիպումի մը (կարծեմ տարեդարձային առիթ մըն էր)։
– Պե՛րճ, ես վաղը առտու կանուխ պիտի մեկնիմ։
Իրեն յատուկ մտերմութեամբ ու բուխութեամբ պատասխանեց.
– Ատիկա ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունի, թռիչքէն առաջ ժամանակին կը հասնիս օդակայան։ Ու՝ վե՛րջ։ Իսկական Պերճ։
***
2011-ին, Մոնթրէալի մէջ, ուր Բարեգործականին կողմէ հրաւիրուած էի ինծի նուիրուած հանդիսութեան մը, հոն դարձեալ հանդիպեցայ Պերճին, երբ իր սիրեցեալ ազգակիցը՝ Ազգային բարերար Պրն. Գառնիկ Եագուպեան, տիկինս ու զիս հրաւիրեց ճաշարան, անակնկալի մը առիթով։
Պարզուեցաւ որ ատիկա Պերճին աղջկան՝ բժշկական եւ տղուն՝ առեւտրական գիտութիւններու Պոսթոնի համալսարաններէն շրջանաւարտ ըլլալնուն բարեպատեհ առիթն էր։
Պերճը յուզուած էր ուրախութենէն ու հպարտութենէն եւ արդարօրէն հիացած՝ իր զաւակներուն պատուաբեր յաջողութիւններէն։
***
Սուրիական պատերազմին ընթացքին, Պերճ երկընտրանքի մէջ էր. ո՞ւր հաստատուիլ (կամ մնալ). Դամասկոս, Պէյրութ թէ՞ Քանատա։
Մինչ այդ, 2018-ին, Երուանդ Չաթալպաշեան ազգայինին յուղարկաւորութեան, Պէյրութի մէջ, յանկարծ տեսայ Պերճը եկեղեցիէն ներս (հանգուցեալը Պրն. Գառնիկ Եագուպեանին աներձագն էր)։
Չափազանց ուրախացայ զինք տեսնելով, բայց, տխրեցայ, երբ ձեռնափայտ մը նշմարեցի ձեռքը։
– Բան մը չէ, Պարոյր,– ըսաւ,– գիտես, կը դիմանամ, արդէն մեծցանք ալ։
Յայտնեց թէ՝ քանի մը տարիներէ ի վեր, ընտանեօք հաստատուեր են Երեւան, իր կրտսեր տղուն՝ ճարտարապետ Արմանին հետ կը զբաղին շինարարութեամբ եւ «Քասքատ»ի լանջին կառուցած են իրենց եռայարկ բնակելի շքեղ շէնքը, պնդելով որ՝ երբ Երեւան այցելեմ, անպայման իրեն հանդիպիմ։
Ասիկա լսելուս պէս, իրեն յիշեցուցի, օրին, Երեւանէն իր կանխահաս մեկնումը, իսկ այսօր, երկար դեգերումներէ ետք, արդէն ընտանեօք կայք հաստատած ըլլալը հայրենիքի սիրտին մէջ, իր լայնանիստ պատշգամէն վայելելով քաղաքամայր Երեւանին հմայիչ գեղեցկութիւնը եւ անզուգական ԱՐԱՐԱՏը։
***
Յուլիս 2018-ին, ընտանեօք Երեւան այցելեցինք եւ առաջին գործերէս մէկը եղաւ Պերճին հեռաձայնել, որ մեծ խանդավառութեամբ մեզ հրաւիրեց իր նորաշէն տունը, ուր փառաւոր հիւրասիրութիւն մը պատրաստուած էր։
Պերճին ուրախութիւնը անսահման էր. շրջապատուած էր իր ընտանեկան հարազատներով, մօտիկ ազգականներով եւ անկեղծ բարեկամներով, մանաւանդ՝ թոռնիկեան համը իրեն համար ամբողջ աշխարհ մը ըլլալով։
Չուզեցի, այդ ուրախ մթնոլորտին մէջ, իր առողջութեան մասին հարցնել, բայց, երբ կենացի խօսք արտասանեցի, Պերճին բարեմասնութիւններուն եւ առաքինութիւններուն, նաեւ հայասիրութեան ու մարդասիրութեան մասին, դառնալով կնոջ՝ Այտային, ըսի.
– Սիրելի Այտա, գիտեմ որքան ջանադիր եւ աւանդապաշտ տիկին եւ մայր ես, ջերմօրէն կապուած ըլլալով ընտանիքիդ սրբութեան ու միութեան, վստահ եմ որ՝ նոյն ոգեւորութեամբ ու հետեւողութեամբ, պիտի մնաս Պերճի կողքին, հպարտ ըլլալով որ անոր նման նուիրեալ, ինքնազոհ ու վեհանձն կեանքի ընկեր մը ունիս, իսկ զաւակներդ՝ գուրգուրոտ ու հոգատար հայր մը։
Ասիկա եղաւ մեր վերջին հանդիպումը, որ տեսերիզի մը նման աչքիս առջեւն է, իսկ մեր բաժանումը, Պերճին խօսուն հայեացքներու թափանցիկութեամբ, ուրուագծուեցաւ ու դրոշմուեցաւ մէջս։
Հեռաձայնով, Այտային եւ զաւակներուն մեր ցաւակցութիւնները յայտնելու պահուն, գոհունակութեամբ իմացայ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարեհաճ կարգադրութեամբ, Ս. Հռիփսիմէի մէջ կատարուած է յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, նաեւ՝ թաղումը, որոնք, վստահաբար ննջեցեալ Պերճին հոգիին համար պիտի ըլլան անդորրութեան ու հանգստաւէտութեան երկնային հանգրուաններ։
(Պէյրութ)