«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիան կ՝ողջունէ վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կայացած բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
«Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կ՝իրականացնենք մեր միջնորդական գործառոյթները: Մենք կ՝ողջունենք այն բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, որոնք կայացած են վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ: Լսած ենք այն կառուցողական գնահատականները, որոնք տուած են մայրաքաղաքները, եւ կը կարծենք, որ ատիկա առաջ շարժելու ճիշդ ճանապարհն է»,- ըսած է Զախարովա:
Նշենք, որ 2018 Սեպտեմբեր 28-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը Տուշանպէյի մէջ ունեցած են կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին ձեռք բերուած է համաձայնութիւն՝ սահմանագիծին վրայ լարումը նուազեցնելու եւ միջադէպերը կանխելու վերաբերեալ: Երկու երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումէն ետք՝ մինչ օրս՝ կողմերուն միջեւ «գործնական կապ» հաստատուած է: Փաշինեան-Ալիեւ եւս մէկ ոչ պաշտօնական հանդիպում կայացած էր նաեւ Դեկտեմբերին՝ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման ծիրէն ներս: 2019 Յունուար 22-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ, Տաւոսի մէջ, տեղի ունեցած մէկ ու կէս ժամանոց հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի ընթացիկ իրավիճակին եւ յետագայ քննարկումներուն մասին։