«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Գերմանիա կատարած պաշտօնական այցին ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այսօր, այցելած է Քէոլնի արհեստագիտական համալսարան: Armenpress.am-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ վարչապետը դիմաւորած է համալսարանի տնօրէն, փրոֆէսըր դոկտոր Շթեֆան Հերցիկը:
Համալսարանի ղեկավար կազմին հետ հանդիպումէն ետք՝ ստորագրուած է համագործակցութեան յուշագիր Քէոլնի արհեստագիտական համալսարանին եւ Հայաստանի ազգային փոլիթեքնիքական ուսումնարանին միջեւ:
Յուշագիրը ստորագրած են Քէոլնի արհեստագիտական համալսարանի տնօրէն Շթեֆան Հերցիկը եւ Գերմանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Սմբատեանը: Այնուհետեւ, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպած է համալսարանի ուսանողներուն եւ փրոֆէսըր-դասախօսական կազմին հետ: