Հայաստանի մէջ 30 Յունուարին գործարկուած է արեւելեան հացամթերքի արտադրամաս: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջը:
«Կատարուած է 225 000 տոլարի ներդրում: Յառաջիկայ 3 տարիներուն, կը նախատեսուի եւս 150 000 տոլարի ներդրում իրականացնել»,- կ’ըսուի գրառումին մէջ:
Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ «Կոլտեն Պեյքերի» ընկերութեան գլխաւոր ղեկավար Մհեր Ծատուրեանը ներկայացուցած է հացի պատրաստութեան գործընթացը:
«Ռիվիերա կապիտալ»-ի գործադիր տնօրէն Կարեն Մկրտչեան նշած է, որ այս նորութիւն է Հայաստանի մէջ: «Կայ պահանջ թէ՛ տեղական, արեւելեան խոհանոց ունեցող ճաշարաններէն, թէ՛ հայրենադարձ սուրիահայերու ու լիբանանահայերու կողմէ: Այդ պահանջը ասով կը բաւարարենք: Այս սկիզբն է մեր գործունէութեան: Նախանձախնդիր ենք, որ շուտով աւելցնենք մեր արտադրանքը»,- յայտնած է ան:
Արտադրողները մտադիր են արտադրանքը հետագային արտահանել Թիֆլիս, ապա աւելի մեծ շուկաներ: