ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթիէն Երեքշաբթի, Յունուար 28-29-ի լոյս գիշերը, ժամը 3։00-էն 4։00-ի կողմերը անյայտ անձեր Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայկական երկու վարժարաններու դարպասներուն եւ ցանկապատերուն վրայ զետեղած են թրքական դրօշակներ։
Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի չորս բոլորը, թիւով 14 դրօշակներ տեղադրուած են. նմանօրինակ արարք պատահած է նաեւ Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Ֆերահեան ազգային վարժարանին շուրջ, սակայն հոն ցանկապատը անցնելով դրօշակ մը զետեղուած է նաեւ շէնքին մէկ պատին վրայ։
Զոյգ դպրոցներուն տնօրէնութիւնները եւ պատասխանատու մարմինները Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան դիմած են առաւօտ կանուխ եւ ամբողջ օրը ոստիկանութիւնը կատարած է քննութիւններ։
Ոստիկանութեան կողմէ «ատելութեան հողի վրայ արարք» նկատուած դէպքը խստօրէն դատապարտած են քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆ, Պրէտ Շըրմըն, Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութիւնը, ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովը, Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական Համագումարը, Ցեղասպանութեան միացեալ մարմինը, անշուշտ նաեւ զոյգ վարժարաններուն տնօրէնութիւնները, որոնք առանձին հաղորդագրութիւններով պահանջած են, որ մեղաւորները երեւան բերուին եւ կը պատժուին օրէնքի ամբողջ ուժով։
Ատամ Շիֆ կը գրէ. «Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ սեփական հայկական դպրոցները վանտալիզմի ենթարկուած են թրքական դրօշակներով: Այս դպրոցներուն մէջ կ՚ուսանին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներու սերունդներ: Ես կ՚աջակցիմ հայ համայնքին՝ դատապարտելով ատելութեան հողի վրա կատարուած այս գործողութիւնը»։
Երեքշաբթի յետմիջօրէին հայկական կազմակերպութիւններու կողմէ Ֆերահեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, տարբեր մարմիններու ներկայացուցիչներ իրազեկեցին այս մասին հեռատեսիլի լրատուամիջոցներուն, որոնք իրենց հերթին արձագանգեցին լուրերու ընթացքին։
Հայկական բոլոր կազմակերպութիւններէն կը պահանջուի ըլլալ զգօն եւ միացեալ ջանքերով առաջքը առնել նման անպատասխանատու արարքներու, որոնք միայն ու միայն ատելութիւն ու թշնամանք կը սերմանեն բազմազգ այս քաղաքին մէջ։
ՆՈՐ ՕՐ կը միանայ դատապարտութեան ալիքին, նոյն ատեն յուսալով, թէ Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը ճիգ չի խնայեր, որպէսզի մեղաւորները ձերբակալուին ու կրեն իրենց արժանի պատիժը։