Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ Երեկոյթ՝ նուիրուած բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան Վլադիմիր Ենգիբարեանի (լուսանկարներ)

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Համեստ, ընկերասէր, ընտանեկան աւանդութիւններով թրծուած մարդ, որ դարձաւ բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան, 1956-ի Ողիմպիական խաղերու ոսկեայ մետալակիր, Եւրոպայի եռակի եւ Խորհրդային Միութեան եռակի ախոյեան. կամ պարզապէս՝ Վլադիմիր Ենգիբարեան։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ Ուրբաթ, Յունուար 25-ի երեկոյեան մէկտեղուած էին Ենգիբարեանի երկրպագու մարզասէրներ, յարգելով յիշատակը մեծանուն հայ մարզիկին։

Ենգիբարեան (1932-2013) մեծ վաստակ ունի Խորհրդային Հայաստանի տարիներու բռնցքամարտի զարգացման մէջ։ Ան անմահ է, որովհետեւ, ինչպէս բանաստեղծը կ՚ըսէ, «երբ յիշատակս ալ թառամի, ախ այն ատեն ես կը մեռնիմ»։

Յիշատակի երեկոյին ներկայ էր մեծարեալին թոռները, զաւակները եւ տիկինը՝ Քնարիկ Ենգիբարեան,  որ հանդիսութեան աւարտին փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան շնորհակալական անկեղծ արտայայտութիւններով մեծապէս գնահատեց կազմակերպիչ վարչութիւնը։

Բացումը կատարեց, օրուան հանդիսավար, կազմակերպիչ վարչութեան փոխատենապետ Միհրան Թումաճան, որ ներկայացուց հանրայայտ մարզիկներ, որոնք ներկայ էին, ինչպէս ըմբշամարտի աշխարհի եռակի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանը, նախկին պասքեթպոլիստ Համամճեանը եւ ուրիշներ։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Վարազդատ Պահլաւունի։ Իսկ Նազօ Այրանճեան փոխանցելով իր սրտի խօսքը, Ենգիբարեանի պատկերով բռնցքամարտիկի ձեռնոցներ նուիրեց տիկին Քնարիկին, աշխարհի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեանին, հիւպատոս Պահլաւունիին եւ կազմակերպիչ մարմինին։

Գլխաւոր բանախօսն էր «Նոր Օր»-ի մարզական մեկնաբան, մարզական էջի պատասխանատու Աւետիս Բայրամեան։ Ան գնաց տասնամեակներ ետ, ու փորձեց հակիրճ կերպով անդրադառնալ անուանի հայ մարզիկներու յաջողութիւններուն, հասնելով Ենգիբարեանին։ Բայրամեանի ելոյթէն լայն հատուածներ տեսնել առանձին՝ էջ 14։

Փակման շնորհակալական խօսք արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ, պասքեթպոլիստ եւ մարզիչ  Քարլ Պարտաքեան։

Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ «հանդիպում» մըն էր այդ երեկոն Վլադիմիր Ենգիբարեանին հետ, ուր երեւան հանելով անոր մարզչական եւ իրաւարարական արժանիքները։

Հ.Ս.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին