«Զարթօնք» Հայրենքի Մէջ – 23 –
Հարցազրոյց Գեղանկարիչ Կարէն Արայեանին Հետ
Զրուցեց՝ ՔրիսթինԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Զարթօնք» օրաթերթը կը շարունակէ իր ««Զարթօնք» հայրենիքի մէջ…» խորագրով հարցազրոյցներու եւ յօդուածներու շարքը, որուն նպատակն է ներկայացել ու լուսաբանել հայրենիքի՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադաձութիւնները: Այս անգամ անդրադարձած ենք գեղանկարիչ Կարէն Արայեանին, որուն կտաւներուն քովէն անտարբեր անցնիլը շատ դժուար է: Ան նկարել սկսած է կանուխ տարիքէն: Նոյնիսկ չի յիշեր, թէ քանի տարեկանին վրձինը վերցուցած է ձեռքը առաջին անգամ, ի՞նչ նկարած է առաջինը եւ այլն: «Ես ինչ կը յիշեմ, կը նկարեմ…»,- կ’ըսէ ան: Կարէն Արայեանի կտաւները ինքնատիպ են, չկրկնուող, կենդանի, խօսուն… Թէ ինչպէ՞ս կը յաջողի այդքան կենդանի ու յուզառատ կտաւներ ստեղծել, նկարիչը կը պատասխանէ, որ պատճառը հաստատ է. ան սիրով կը նկարէ:
Գեղանկարիչը ցուցահանդէսներու առատութեամբ աչքի չի զարներ, սակայն իր խօսքով՝ կարեւորը ոչ թէ ցուցահանդէսներու քանակն է, այլ այն, թէ ի՛նչ կու տաս մարդոց այդ ցուցահանդէսներուն միջոցով: Տարբեր տարիներու, Կարէնը ունեցած է երեք ցուցահանդէս, վերջինը 2018 թուականին էր:
Ամէն անգամ իւրովի ու նոր աշխատանքներով արուեստասէր հասարակութեան ներկայացող գեղանկարիչը յառաջիկային կը պատրաստուի կարեւոր մտայղացում մը կեանքի կոչել՝ մենաներկայացումով հանդէս գալ: Ներկայացումին խորագիրը որոշուած է՝ «Զարթօնք»: Շատերուն մօտ հարց կը յառաջանայ նկարիչը ի՞նչ կապ ունի նեկայացումին հետ կամ բեմին վրայ ելոյթ ունենալուն: Այդ հարցի մասին ալ խօսեցանք հարցազրոյցին:
Ինքը՝ Արայեանը, նախնական փուլին կը տարակուսէր, թէ ինչպէ՞ս անցում կատարել նկարիչէ մենաներկայացումով հանդէս եկող մարդու, ելոյթ ունենալ մարդոց առջեւ: Մտավախութիւն կայ, թէ ինչպէ՞ս կ’ընդունեն մարդիկ իր, այսպէս ըսած, կերպարանափոխութիւնը: «Ես դերասան չեմ»,- կ’ըսէ ան, ապա կ’աւելցնէ, որ ներկայացումը դերասանութիւն պիտի չըլլայ: «Զարթօնք» մենաներկայացումին նպատակն է քանդել, կոտրել հասարակութեան մօտ առկայ, ըստ արուեստագէտին, անիմաստ կարծրատիպերը: Իր խօսքով՝ սա այն դէպքն է, երբ մենաներկայացումը երկխօսութիւն պիտի ըլլայ իր եւ հանդիսատեսին միջեւ:
Մենաներկայացումը կը նախատեսուի իրականացնել Մարտ ամիսը, գեղանկարիչը օր ու գիշեր կ’աշխատի, կը տրամադրուի, կը մտածէ ու կը վերլուծէ, կը հաշուարկէ, թէ ի՞նչ կ’ըլլայ հանրութեան արձագանգը: «Զարթօնք» մենաներկայացումը գեղանկարիչ Կարէն Արայեանի կեանքին մէջ կարեւոր իրադարձութիւն պիտի ըլլայ:
Ի դէպ, նաեւ աւելցնենք, որ յառաջիկային, բացի ներկայացումէ, նկարիչը կը պատրաստուի իր չորրորդ անհատական ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան բացառապէս նոր կտաւներ, նոր աշխատանքներ: Խորագիրը դեռ որոշուած չէ, ինչպէս նաեւ ցուցահանդէսի վայրը, բայց թեման յստակ է. ներկայացնել մարդու մարմինը որպէս կատարելութիւն:
– Կարէն, ի՞նչ կարծրատիպեր կան, որոնք կը խանգարեն մարդոց լիարժէք ապրիլ: Ինչո՞ւ «Զարթօնք»:
– Միակ բանը, որմէ ես կը նեղուիմ, անտրամաբանական արգելքներն են: Միշտ կ’ըսեն, որ այսինչ բանը կարելի չէ, ա՛յդ կարելի է, բայց չեն գիտեր, թէ ինչո՞ւ կարելի չէ: Ինչո՞ւ «Զարթօնք»: Ամբողջ աշխարհին վրայ միշտ ամէն ինչի մէջ մարդոց կարծես կը սահմանափակեն: Դուն կը ծնիս որպէս մոլորակի քաղաքացի, բնակիչ, ինչը շռայլ նուէր մըն է, որ բոլորիս կու տայ տիեզերքը: Բայց քանի որ մարդու ագահութեան հետեւանքով ամբողջ աշխարհը կիսուած ու բաժնուած է տարբեր հատուածներու, իւրաքանչիւր ազգի տէր մարդուն տրամադրուած է փոքր հատուած մը, որ իր հայրենիքն է: Նորէն խնդիր չկայ, բայց այդ հայրենիքը այնպէս կը մատուցեն մարդուն, որ մնացած ազգերը, մնացած տարածքները օտար կը դառնան: Սա այնքա՜ն սխալ է: Ասոր պէտք է վերէն նայիլ, եթէ կամքի ուժդ ներէ: Միշտ սահմանափակումներ, բաժանումներ, օտարացումներ, կրօնի տարբերակումներ, չեմ գիտեր:
– Այս թեմայի լոյսին տակ մենաներկայացումին նպատակը ի՞նչ է:
-Ամենագլխաւոր, կամ նոյնիսկ միակ նպատակը հետեւեալն է. ամբողջականութեան գիտակցումը: Տեսէ՛ք, ձեր ձեռքը, ոտքը առանձին մասնիկներ են, բայց ամբողջականութեան մէկ մասնիկն են: Հիմա եթէ ձեռքը հեռացնեն, անպիտան մասնիկ կը դառնայ, մարմինն ալ՝ հաշմանդամ: Նոյնը կ’ըլլայ մարդկութեան հետ. թէ՛ մենք անպիտան կը դառնանք, թէ՛ մարդկութիւնը հաշմանդամ կը դառնայ: Մենք բոլորս տարբեր ենք, բայց օտար չենք: Ներկայացումին ընդհանուր կոչը, նպատակը այդ ամբողջականութեան գիտակցութեան վերականգնումն է:
– Ձեր յառաջիկայ ծրագիրներուն մէջ կա՞յ ներկայացում մը ունենալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս, այստեղ յաջողութեամբ ներկայացնելէ ետք:
-Սա քայլ մը առջեւ է: Անկէ առաջ կայ քայլ մը, որ ես դեռ չեմ գիտեր: Ես վստահ կրնամ ըսել, որ աշխարհի ամենալաւ հանդիսատեսը Հայաստանի մէջ է, սակայն չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կ’ընդունուի, կ’ընկալուի: Քիչ մը դժուար է չէ՞ պատկերացել, որ մարդ նկարիչ է ու մէյ մըն ալ բեմի վրայ կը յայտնուի: Յուսամ շատ չեն քննադատեր: Այն ջանքը եւ եռանդը, որ ես կը ներդնեմ հոն, չի կրնար ուղղակի կորսուիլ: Ես յոյս ունիմ, որ հանդիսատեսէն կը ստանամ համարժէք պատասխան: Ես դէմ չեմ քննադատութեան, եթէ անիկա առողջ է, նոյնիսկ ես կը խնդրեմ, որ մարդիկ անկեղծ ըլլան ինծի հետ: