«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս շնորհաւորած է խորհրդարանի ղեկավարին եօթներորդ գումարումի Ազգային ժողովի աշխատանքներուն մեկնարկի առթիւ՝ համոզում յայտնելով, որ Ազգային ժողովը բոլոր ջանքերը կը գործադրէ՝ նպաստելու երկրի յառաջընթացին:
Համակարծիք ըլլալով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգի պայմաններուն մէջ Ազգային ժողովին բաւականին ծաւալուն աշխատանք կը սպասուի, զրուցակիցները կարեւոր համարած են խորհրդարանի աշխոյժ գործունէութիւնը, ինչպէս օրինաստեղծ ոլորտի, այնպէս ալ խորհրդարանական դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար՝ Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ Ազգային ժողովը նոր քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման, երկխօսութեան եւ համատեղ աշխատանքի կարեւոր հարթակ է, եւ յոյսով է, որ խորհրդարանական բոլոր ուժերը զայն առաւելագոյնս արդիւնաւէտ կ’օգտագործեն՝ ի շահ նոր Հայաստանի ու ժողովուրդին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ գործակցիլ խորհրդարանին հետ եւ աջակցիլ օրէնսդիր մարմինի գործունէութեան: