Տաղանդներու յայտնաբերման ոլորտէն ներս առաջատար ամերիկեան Creative Artists Agency ընկերութիւնը մտադիր է 30 միլիոն տոլար ներդնել Epic! կրթական-արհեստագիտական ընկերութեան զարգացման գործին:
Վկայակոչելով Forbes ամսագիրը՝ Tert.am-ը կը հաղորդէ, թէ ընկերութեան համահիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Սուրէն Մարկոսեանի հաւաստիացումով՝ ներդրումները պիտի ուղղուին աղբիւրի արհեստագիտական զարգացման ու լսարանի ընդլայնման:
«Մենք աստիճանաբար կը վերածուինք ԱՄՆ-ի մէջ գործող հիմնական թուային ուղեցոյցի՝ նախատեսուած փոխրիկներու համար: Մեր աշխոյժ օգտատէրերը ոչ միայն փոքրիկներն են, այլեւ նախակրթարաններու եւ միջնակարգ դրոցներու ուսուցիչները»,- նշած է Մանուկեան:
Epic!-ը ընթերցանութեան իւրատեսակ հարթակ է՝ թուային գրադարան՝ նախատեսուած մինչեւ 12 տարեկան փոքրիկներու համար: Ներկայ պահուն առցանց հարթակի վրայ կարելի է գտնել աւելի քան 35,000 տեսա-գիրք եւ տեսանիւթ: Առցանց գրադարանի լսարանը կը կազմէ 1.7 միլիոն մարդ: