Երգի Մը Պատմութիւնը – 3 –
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
1971 թուականի Յունիս 21-ին Ճոն Լենըն աշխարհին նուիրեց «Imagine» («Պատկերացո՛ւր») երգը, որ դարձաւ երաժշտութեան համաշխարհային պատմութեան մեծագոյն երգերէն մէկը:
Լենընը կը նշէր, որ երգը գրած է Եոքօ Օնոյի «Կրեյփֆրութ» («Grapefruit») գիրքէն ստացած տպաւորութիւններուն ազդեցութեան տակ, որ, ըստ էութեան, գերիրապաշտ ուղղորդումներու հաւաքածոյ է արուեստագէտներուն համար:
Երգի տողերէն շատերը կը սկսին «պատկերացո՛ւր» արտայայտութեամբ: Եոքօն կը պատմէր, որ Լենընը այս երգը կ’երգէր այն ամէն ինչի մասին, որ անկեղծօրէն կը հաւատար՝ «բոլորը մէկ մոլորակի, մէկ երկրի, մէկ ազգի ներկայացուցիչներ են»: Լենընը զայն անուանեց համայնավարական հրովարտակ, թէեւ ինքը անձամբ, ըստ իր խօսքերուն, համայնավար չէր եւ չէր պատկաներ որեւէ քաղաքական շարժումի:
Այնուամենայնիւ, «Imagine» երգը դարձաւ Լենընի այցեքարտը: Անիկա աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը հնչէ գրեթէ նոյնքան, որքան ազգային քայլերգերը:
Լենընի մահէն ոչ շատ առաջ երգը կատարեց իր ընկերը՝ Էլթոն Ճոնը, իսկ մահուան օրը զայն կատարեց «Քուին» խումբը: Տարիներ ետք զայն կատարեցին բազմաթիւ յայտնի երգիչներ՝ Էթթա Ճեյմս, Ճոշ Կրոպան, Ռեյ Չարլզ, Մատոննա, Լեյտի Կակա, Աւրիլ Լաւին եւ այլք: Սթիվի Ուոնտերն զայն կատարեց 1996 թուականին ողիմպիական խաղերու փակումին, իսկ 2006 թուականին՝ Փիթեր Գաբրիէլը՝ ձմեռնային ողիմպիական խաղերու (20-րդ) բացման արարողութիւններուն ժամանակ: Երգը կատարուեցաւ նաեւ 2012 թուականին Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու փակումին:
2006 թուականէն Նիւ Եորքի մէջ աւանդոյթ դարձած է Թայմս-սքուերի մէջ անցնող տարուան վերջին վայրկեանները ճանապարհել երգի կատարումով:
Հետաքրքրական փաստեր.
- Նիւ Եորքի Կեդրոնական այգիի «Մօրու բացատ» հատուածը նուիրուած է Լենընի յիշատակին, որուն կեդրոնը զետեղուած է «Imagine» բառը:
- Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ շինուած է Լենընի պրոնզէ արձանը, որուն պատուանդանին վրայ փորագրուած են երգէն հատուածներ:
- Լիվերբուլի օդակայանը կը կրէ Լենընի անունը, որուն նշանաբանն է «Մեզմէ վեր միայն երկինքն է» (հատուած երգէն):
Գրեթէ անհաւանական կը թուի, որ աշխարհիս վրայ կրնայ գտնուիլ մէկը, որ գոնէ մէկ անգամ լսած չէ այս երգը՝ անկախ դաւանանքէն, ազգի պատկանելիութենէն, տարիքէն, սեռէն եւ նոյնիսկ նախասիրութիւններէն: Աւելի քան 45 տարիէ անիկա կը շոյէ հանդիսատեսի ականջը եւ մի քանի այլ երգերու հետ կը դասուի դարի անմահ երգերու շարքին: