Երգահան Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:
Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, Յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեան:
Հայաստանի UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, իր հերթին, նշած է, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուական յայտ ներկայացնելու օրացուցային օրերուն համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները UNESCO-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ՝ յանձնաժողովի կարծիքը եղած է նոյնը:
Կը պարզուի, սակայն, խնդիր եղած է՝ կապուած Թուրքիոյ հետ: Կոմիտասի 150-ամեակը սկիզբը չէ ներառուած: Պատճառաբանուած է, որ Կոմիտասը ծնած է Թուրքիոյ տարածքէն ներս եւ այս պարագային պէտք է նաեւ թրքական կողմին դիրքորոշումը: Հայկական կողմը, ի վերջոյ, յաջողած է հաստատել եւ հիմնաւորել հայկական կողմին յայտը: