Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Յարգելի Պրն. Ս. Յակոբեան,

Ամուսինս՝ Մարտիրոս Ա. Ճանճանեանը, եւ ես՝ Հերմինէ Հաճինեան Ճանճանեանս, կ’ուզենք մեր ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնել ձեզի, ինչպէս նաեւ շնորհաւորել ձեզ «Զարթօնք»-ի այս գեղեցիկ յաւելուածին համար՝ լոյս տեսած մեր քրոջ՝ Անժէլ Ճանճանեանի մահուան քառասունքին առիթով:
Թէեւ իր վերջին տարիները բաւական դժուար էին, սակայն իր յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլորին սիրտերուն մէջ, ան պիտի շարունակէ ապրիլ իր բազմաթիւ աշակերտներուն անմնացորդ սիրով ու յարգանքով, որոնց կեանքին վրայ ան բարերար ազդեցութիւն ունեցած է: Իր աշակերտներուն եւ գործընկերներուն վկայութիւնները ինքնին կ’ապացուցեն այդ մէկը: Իսկ այդ բոլոր գրութիւնները հաւաքելու համար ի գործ դրած ձեր ջանքերը արժանի են ամէն գնահատանքի:
Կ’ուզեմ օգտագործել այս առիթը լաւագոյնը մաղթելու ձեզի:

Մնամ ձերդ՝
Հերմինէ
(Մոնթրէալ) 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին