Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Հայաստանի Ազգային Ակադեմիական Երգչախումբի Տարուան Անդրանիկ Համերգը Նուիրուեցաւ Կոմիտասի Յոբելեանին

Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբի՝ (խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեան) համերգային ծրագիրով՝ մեկնարկեց Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ համերգային երեկոն իրականացաւ Յունուար 29-ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահէն ներս:

«Ծրագիրով պիտի հնչեն ոչ միայն Կոմիտասի, այլեւ Վերտիի, Կունոյի, Չուխաճեանի գործերը: Երգչախումբը պիտի ներկայացնէ քանի մը ստեղծագործութիւն, որոնք շատոնց չէ կատարած»,- նշած է երգչախումբի տնօրէն Դաւիթ Թերզեան:

Բեմադրիչ, ՀՀ ժողովրդական արտիստ Երուանդ Ղազանչեան, որ ներկայ եղած է համերգին, ըսած է, որ մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ էր Կոմիտասը: «Ես չեմ գիտեր, թէ ով էր ան. արդեօք Կոմիտասը սովորակա՞ն մարդ էր՝ կը դժուարանամ ըսել»,-նշած է Ղազանչեան ու պատմած, որ 1936 թուականին, երբ իր ծնողները Ֆրանսայէն եկած են Հայաստան, այդ նոյն նաւուն մէջ եղած է նաեւ Կոմիտասի դին: Հայաստանի մէջ զայն դիմաւորած է Եղիշէ Չարենցը:

Համերգային երեկոյին ներկայ երաժշտասէրները բուռն ծափողջիւններով կ՝արձագանգէին երգչախումբի բոլոր կատարումներուն:

Յիշեցնենք, որ երեկոյին ներկայ էին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ անոր տիկին Աննա Յակոբեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին