Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն սկսած է հայկական երկու դպրոցներու դարպասներուն՝ անյայտ անձերու կողմէ Թուրքիոյ դրօշներ փակցնելու միջադէպերուն առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Los Angeles Times-ը։
Ոստիկանութեան եւ դպրոցներու ներկայացուցիչներուն խօսքերով՝ անյայտ անձեր, Երեքշաբթի առաւօտեան, հայկական 2 դպրոցներու դարպասներուն փակցուցած են Թուրքիոյ դրօշներ:
Ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ միջադէպերը, որոնք յառաջացուցած են Լոս Անճելըսի հայկական համայնքին անհանգստութիւնը եւ վրդովմունքը: Կը նշուի, որ շատերը հայկական դպրոցներու դարպասներուն՝ Թուրքիոյ դրօշը կախելը կը նկարագրեն իբրեւ ատելութեան գործողութիւն, որ միտուած է հայկական համայնքին մէջ վախ սերմանելուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վարկաբեկման:
Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը կ՝ուսումնասիրէ տեսաձայնագրութիւնները եւ կը ծրագրաւորէ զօրացնել հսկողութիւնը դպրոցներուն շրջակայքը:
ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցի տնօրէն Արփի Աւանէսեան ընդգծած է, որ իրենց համար անակնկալ եղած է դպրոցի դարպասին Թուրքիոյ դրօշներ տեսնելը: «Մենք նման բան չէինք սպասեր: Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ մտածած է այդ մարդը: Ինչո՞ւ այսօր, ի՞նչը ստիպած է անոնց ընել ատիկա»,- ըսած է ան:
ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Նորա Յովսէփեան, իր հերթին, յայտնած է, որ Լոս Անճելըսի «Ֆերահեան» հայկական դպրոցի դարպասներուն եւս Թուրքիոյ դրօշներ փակցուած եղած են.