Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Իտալիոյ Վարչապետը Յառաջիկայ Շաբաթ Կը Ժամանէ Լիբանան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Յառաջիկայ շաբաթ կը նախատեսուի Իտալիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ճուզեփփէ Քոնթէի ժամանումը Լիբանան: Այս լուրը հաստատած է Լիբանանի մէջ Իտալիոյ Հանրապետութեան դեսպանատունը:
Այցի ծիրէն ներս Քոնթէ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Միշէլ Աունի, վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւաստեց, որ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմաւորումը երաշխիք պիտի հանդիսանայ վերջինիս ցուցաբերած զօրակցութեան շարունակականութեան եւ ամրապնդումին:
Նշենք, որ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կարեւորեց իտալական զինուած ուժերու ունեցած դերակատարութիւնը Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Իսրայէլի հետ սահմանին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան մէջ:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին