Երեքշաբթի, 22. 04. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ 4-րդ Դարու Բիւզանդական Խճանկարի Տարածքը Աղբավայր Դարձած է

Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Իզնիկ շրջանին մէջ, յատուկ պահպանութեան տակ առնուած 1700-ամեայ խճանկարը աղբանոցի վերածուած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով diken.com.tr-ը։

Չորրորդ դարէն մեր օրեր հասած խճանկարը կը գտնուի Իզնիկի՝ թանգարանի վերածուած Այա Սոֆիա եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ։ Այս պատմամշակութային ստեղծագործութեան պահպանութեան համար խճանկարի վրայ տեղադրուած էր երկաթեայ հսկայ ճաղավանդակ: Բայց նոյնիսկ այդ պարագային, տեղի բնակչութիւնը տարածքը ծածկած է աղբակոյտերով։ Իսկ եղանակային պայմանները, իրենց հերթին, աւելի կը վնասեն խճանկարը։

Իզնիկի քաղաքապետ Օսման Սարկըն նշած է, որ տարածքի մաքրութիւնը ժամանակ առ ժամանակ կը կազմակերպուի, սակայն իր գրաւած դիրքին եւ մայրուղիին մօտ գտնուելուն պատճառով՝ տարածքը կարճ ժամանակ անց կրկին կ՝աղտոտուի։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին