Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Աուն Եւ ԱՄՆ Պաշտօնատարներ Քննարկեցին Դրամի Լուացումի Եւ Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորումի Դէմ Պայքարը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ՝ շեշտելով Լիբանանի՝ դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի նման յանցագործութեանց դէմ պայքարելու յանձնառութիւնը:
«Լիբանանի օրէնքը կը պատժէ այն անձերը, որ նման յանցագործութիւններ կը կատարեն, եւ այս օրէնքները խստօրէն կը գործադրուին»,- ըստ նախագահական գրասենեակի հաղորդումին՝ ըսաւ Աուն պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումին:
Աւելի կանուխ, Աուն եւ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Սալիմ Ժրեյսաթի հանդիպում ունեցան ԱՄՆ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի դէմ պայքարի գործակալութեան քարտուղարի օգնական Մարշալ Պիլլինկսլի եւ Լիբանանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի հետ:
Հանդիպումին Աուն ընդգծեց, որ այս գծով Լիբանան ունի յատուկ յանձնախումբեր, որոնք հետեւողականօրէն կ’աշխատին ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումի եւ դրամի լուացումի հետ կապուած յանցագործութիւններուն դէմ՝ շեշտելով, որ երկիրը նոյնպէս կ’աշխատի միջազգային կարգերուն համապատասխան նոր օրէնքի մը մշակումի ուղղութեամբ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին