Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Փետրուար 1-ին Պիտի Կայանայ Մերքել-Փաշինեան Հանդիպումը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Գերմանիոյ Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել, Փետրուար 1-ին, պիտի ընդունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունէն՝ մէջբերելով Դաշնային կառավարութեան խօսնակ Շթեֆըն Զայպըրտի խօսքերը:

«Դաշնութեան վարչապետ Անկելա Մերքել 2019 Փետրուար 1-ին՝ Ուրբաթ, դաշնութեան վարչապետի նստավայրին մէջ, զինուորական պատիւներով պիտի ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Նախատեսուած է զրոյց՝ ճաշի շուրջ, որուն ընթացքին, դաշնութեան վարչապետ Մերկելն ու վարչապետ Փաշինեանը մտքեր պիտի փոխանակեն երկկողմ եւ տնտեսական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու շուրջ»,- ըսած է Զայպըրտ` աւելցնելով, որ իրենք նոյնպէս, դեսպանութեան մէջ, հետաքրքրութեամբ եւ ուրախութեամբ կը սպասեն այս այցին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին