Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Վրաստանի Նախագահը Պատմած Է, Թէ Ե՛րբ Կը Ցանկար Հանդիպիլ Թրամփի Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին յայտարարած է, թէ կը ցանկայ Տոնալտ Թրամփի հետ հանդիպիլ նախքան ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն նոր հանդիպումը: Իր խօսքով՝ Վրաստանի նախագահի վարչակազմը արդէն նամակ ուղարկած է Ուաշինկթըն` աշխատանքային հանդիպում ունենալու խնդրանքով, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: 
«Հաւանական է, որ կայանայ Թրամփի եւ Փութինի հանդիպումը: Հանդիպումի օրակարգը տակաւին յայտնի չէ: Մեզի համար ամենագլխաւորը այն է, որ մենք մինչ այդ հնարաւորութիւն ունենանք հանդիպելու ԱՄՆ-ի նախագահին հետ: Մենք պէտք է Թրամփը ծանօթացնենք մեր տեսլականներուն, մեզի համար ցաւոտ հարցերուն, որպէսզի ան գիտնայ, թէ ի՛նչն է մեզի համար ամենատագնապալին այդ բանավէճին մէջ»,- Զուրապիշվիլիի խօսքը կը մէջբերէ Վրաստանի Առաջին ալիքը: 
Ան յաւելած է, որ չի գիտեր, թէ ԱՄՆ-ի նախագահը ազատ ժամանակ կ’ունենա՞յ արդեօք իրեն հետ հանդիպելու համար:
Զուրապիշվիլին նախագահի կարգավիճակով առայժմ միայն մէկ արտասահմանեան այց կատարած է Պրիւքսել, հաղորդած է «ՌԻԱ նովոսթի»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին